Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ֆերշենըն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին մեկնաբանելով սուրիական քարիւղի հորերու շրջանին մէջ ամերիկեան ուժերու ներկայութիւնը ըսաւ, որ քարիւղի հանքերը սուրիացի ժողովուրդին ազգային հարստութիւնն են եւ միայն ժողովուրդը իրաւունք ունի զանոնք օգտագործելու:

Ֆերշենըն հաստատեց, որ Ռուսիա Սուրիոյ քարիւղի հորերուն առնչուող ԱՄՆ-ի դաւադրական ծրագիրներուն մաս պիտի չկազմէ:

Ան աւելցուց, որ Ուաշինկթըն սուրիական քարիւղը ապօրինի կերպով երկրէն դուրս կը հանէ: