Բնականաբար վարչապետի եւ կառավարութեան հրաժարականով պիտի չաւարտէր լիբանանցիներու բողոքի շարժումը: Յեղափոխութիւն, ըմբոստութիւն, քաղաքացիական անհնազանդութիւն թէ ժողովրդային շարժում՝ ինչ եզրաբանութեամբ ալ որակուի փողոցի վրայ արձանագրուող շարժումը, ըստ ոճի եւ ըստ առաջադրանքի, կ’ապրի հոլովոյթ մը:
Կենցաղային տարրական խնդիրներէն քաղաքացիական պահանջներ, ընկերային-տնտեսականէն անցում քաղաքական թիրախներու եւ ապա ամբողջ համակարգի վերափոխման նպատակի ձեւաւորում՝ շարժումի հետապնդած խնդիրներու ամբողջութիւն մը կ’ուրուագծեն:
Տարերայինէն դէպի ընկերային ցանցերու վրայ բողոքի գործողութիւններու ժամանակացոյցի եւ տեղերու ճշդում. ճանապարհներու փակումէն դէպի հանրահաւաքներ, անցնելով մարդկային շղթայ կազմելու զանգուածային մասնակցութենէն՝ շարժումը իբրեւ ոճ եւ բովանդակութիւն կը թեւակոխէ իրարայաջորդ փուլեր:
Առաջադրանքային առումով կը թուի, թէ վարչապետի եւ կառավարութեան հրաժարականին յաջորդած է արդէն ապակուսակցական սեղմ կառավարութեան կազմութեան պահանջը՝ մասնագէտներէ բաղկացած դահլիճի հրամայականի տեսքով: Այստեղ բնականաբար չեն աւարտիր շարժումին հետապնդած նպատակները: Կը յաջորդէ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու պահանջը, որմէ ետք՝ դատական իշխանութիւններու անկախացումը, բանաձեւելու համար ենթապահանջները՝ թալանի հաշուետուութիւն, թալանուածի պետական պիւտճէ վերադարձի եղանակի ճշդում, ապա՝ բարեկարգման ծրագիրներու գործնականացում. այս բոլորը՝ յանգելու համար պետական համայնքային համակարգի վերափոխումին եւ քաղաքացիական պետութիւն հիմնելու հրամայականին:
Պէտք է արձանագրել, որ այս բոլոր հիմնադրոյթները ներառուած էին նախագահի ուղերձին մէջ: Կը թուի սակայն, որ փողոցի ճնշամիջոցը վառ պահելը որդեգրուած է իբրեւ մարտավարութիւն՝ փուլերու թեւակոխումը արագ ապահովելու համար:
Բողոքարկու զանգուածին անունով պահանջներ ներկայացնելու որեւէ մարմին կամ յանձնախումբ գէթ պաշտօնապէս չէ կազմուած դեռ: Զուգահեռ սակայն, վիրթուալ տարածքներու վրայ կը հրապարակուին «Յեղափոխութեան համակարգումի խորհուրդ»ի հաղորդագրութիւնները՝ առաւելաբար բողոքի գործողութիւններու ժամանակին, վայրին կամ գործադուլի մեկնարկներու յայտարարութիւններ կատարող բովանդակութեամբ: Այստեղ յայտնաբար հանգրուանային է մօտեցումը. հետզհետէ քաղաքական ձեւակերպուած առաջադրանքներու տեսք պիտի ստանան պահանջները:
Առ այս պահը երկկողմանիօրէն՝ թէ՛ բանակին ու իրաւապահ մարմիններուն, եւ թէ ցուցարարներուն միջեւ կարծէք գոյութիւն ունի լուռ պայմանաւորուածութիւն՝ բռնութիւնը բացառելու: Գետնի վրայ ո՛չ բանակայիններու կամ ոստիկաններու միջամտութիւնները եւ ոչ ալ անոնց նկատմամբ ցուցարարներուն պահուածքը բռնութեամբ չեն յատկանշուիր, ինչ որ անկախ քաղաքական մեկնաբանութիւններէն երեւութապէս քաղաքակիրթ ոճի նոր աստիճանաչափ կ’ապահովեն Լիբանանին:
Կայ անշուշտ, համակարգային վերափոխման վերաբերող հիմնական առաջադրանքի գործնականացման մշուշոտ պատկերացումներու հանգոյցը: Համայնքային համակարգի վերացումը նախ եւ առաջ կ’ենթադրէ թուային ժողովրդավարութեան տիրապետում: Պարզ չէ, թէ ի՛նչ կարգավիճակներու համար կը ջնջուին համայնքի իւրայատկութիւններու նկատառումով ճշդուած չափաբաժինները: Առանց խորանալու մանրամասնութիւններուն մէջ պարզապէս պէտք է նկատել, որ թուային ժողովրդավարութիւնը մէկ կողմէ կը վերացնէ միջհամայնքային խնդիրներու պատճառով պետութեան շատ մը գործունէութիւններու անդամալուծման երեւոյթը, միւս կողմէ սակայն, կրնայ համահարթեցնել պետական հաստատութիւնները մեծագոյն համայնքներու աներկբայ տիրապետումով: Քաղաքացիական պետութեան անցումը հետեւաբար բանակցային նրբանկատ եւ ժամանակ ենթադրող քաղաքական աշխատանք է, որպէսզի ապահամայնքայնացման կարգախօսին տակ չբանի համահարթեցումը:
Ինչպէս որ առաջադրանքներու բարձրաձայնումն ու անոնց իրականացումը հանգրուանային գործողութիւններու շարք են, այնպէս նաեւ իւրաքանչիւր քաղաքական բեկումնային նոր որոշում պիտի ունենայ իր գործադրութեան ենթահանգրուանային ճանապարհը: Կ’ակնկալուին իշխանութիւններու արագակշռոյթ քայլերը:
Քաղաքական իրատեսութեամբ եթէ այս համապատկերը տեսանելի է թէ՛ բովանդակութեամբ եւ թէ նուաճելիք փուլերով, ուրեմն լիբանանեան հասարակութիւնը պէտք է անցնի այնպիսի ճանապարհային քարտէզէ մը, որ կ’առաջնորդէ դէպի նոր տեսլականը. այն տեսլականը, որուն մասին առանց զիրար հակասելու կը ձգտին բոլորը: Այնպիսի քարտէզ մը, որմէ հանգրուանային անցումը չանդամալուծէ երկրին բնականոն կեանքը, աւելիով չաւազախրէ պետութեան նաւը եւ մանաւանդ չհարուածէ քաղաքացիներու արդէն իսկ ծանրօրէն խոցուած ընկերային-տնտեսական իրավիճակը: Պէտք է բացառել հերթական ինքնահարուածը:
«Ա.»