ՄՇԱԿՈՅԹԸ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՅԵՆԱՐԱՆ 
Միասնութեան Հիմքը Մշակոյթն է 
Ներանձնական հայեացք
Կը մտաբերեմ կեանքիս յուշերը՝ ամէնէն ուրախ պահերը մանկութեանս, ամէնէն հաճելի ժամանակները, որ պատանեկութիւնս հարստացուցած են, աւելի հասուն տարիքի դժուարութիւններս, բոլոր այն սովորական եւ անվրէպ պահերը, կեանքիս ամէնէն կարեւոր իրադարձութիւններն ու փուլերը՝ մանրամասնութիւններով, տարբեր գոյներով ու դերակատարներով, տեսակ-տեսակ վայրերով եւ միջավայրերով : Այդ բոլորը շունչ եւ հնչիւն ստացած են, լսելի եւ արտայայտելի դարձած են, մեղեդիի նման հոսած են եւ հարազատութիւն պարգեւած՝ մայրենի լեզուիս շնորհիւ: Հնչեղ արեւմտահայերէնս՝ իր իւրայատկութեամբ, մեծ ժառանգութեամբ, անբացատրելիօրէն սրտիս մօտիկ ու հարուստ ոգեղէն պաշարով:
օօօ
Իրադրական կացութիւն
Վերջերս շատ կը խօսուի արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մէջ նոյն բառերը տարբեր իմաստներով գործածելու մասին: Այս երեւոյթին պատմական պատճառները բոլորին յայտնի են: Բայց արդեօք աւելի քան քսանութ տարիները բաւարար չէի՞ն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի (արեւմտահայեր) միջեւ լեզուական մակարդակի անհարթութիւնները հարթելու: Երկար չտեւե՞ց այս «հասկցուելու» ընթացքը:
Գիտենք որ 70 տարի Հայաստանի Հանրապետութեան կապերը խզուած էին ցեղասպանութեան հետեւանքով կազմուած դասական Սփիւռքին եւ ընդհանրապէս արտաքին աշխարհին հետ: Բայց այդ խոչընդոտը այլեւս գոյութիւն չունի. Հայաստանի Հանրապետութիւնը անկախ է:
Հայաստանի մէջ պատահած վերջին փոփոխութիւններու ալիքը եւ իշխանափոխութեան հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը շատերուն այն յոյսը ներշնչեցին, որ շատ մը հարցեր պիտի լուծուին, պիտի բարելաւուին նաեւ Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները: Ներկայ կացութեամբ, սակայն, շատ շատերու համար արդարացուած չեն կատարուած աշխատանքները: Ընդհակառակը. աւելի քան մտահոգիչ երեւոյթներու ականատես կ’ըլլանք: Քաղաքական սխալ մարտավարութիւն մըն էր օրինակի համար իշխանութեան կողմէ հասարակութեան մէջ բաժանարար գիծեր որոնելու եւ «ստեղծելու» ոճը: Ընթացք մը, որ շարունակական բնոյթ ստացած է եւ զայն անտեսելը կամ թերագնահատելը խոհեմութիւն չի նկատուիր կարգ մը քաղաքական ուժերու կարծիքով:
Ճիշդ է որ պետական անձնաւորութիւններու կողմէ զանազան ամպիոններէ հնչեցին միասնութիւնը ջատագովող ելոյթներ, միասնականութիւն «ձեւացնելու» համար ոտանաւորներ ալ արտասանուեցան, սակայն ոչ մէկ գործնական քայլ, նոր առաջարկութիւն, ծրագիրի մշակում, առաջնահերթութիւններու ճշդում տեղի ունեցաւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն միասնականութիւնը ամրապնդելու առումով: Սփիւռք -Հայաստան կապը ամրապնդուելու փոխարէն առաւել թուլցաւ Սփիւռքի Նախարարութեան լուծարումով, իսկ վերջերս պետական պաշտօնական մակարդակով կ’առնուին որոշումներ, որոնք միայն կը նպաստեն արժեզրկելու Հայ Լեզուի եւ Հայոց պատմութեան կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը Հայաստանի կրթական կառոյցներէն ներս: Նման քայլեր աւելի հաւանական է, որ դատապարտուին ձախողութեան: Պէտք է յուսալ, որ նման կեղծ ու վնասակար օրակարգեր առաջ տանողները կը զգաստանան եւ աւելի մտածուած ծրագիրներ կ’որդեգրեն, եւ կամ այլապէս կը հեռացուին պաշտօններէ, երբ չեն իրականացներ հայ մարդու կամքին համաձայն գործունէութիւն:
օօօ
Մշակութային յենարանը՝ ելակէտ 
Այս գրութեան ելակէտը շատ պարզ է եւ յստակ: Պէտք է ձերբազատիլ բոլոր պարտադրուած բաժանարար երեւոյթներէն: Ապա ծրագրել եւ ձեռնարկել աւելի նպատակադրուած համահայկական մշակութային ծրագիր, տարբեր բնագաւառներու զարգացումով՝ թատրոն, երգարուեստ, գրականութիւն եւ կրթութիւն, Հայաստանը բոլոր հայ երիտասարդներուն համար վերածելու կրթական հիմնական օճախի:
Այդ ճամբուն վրայ առաջին քայլը միասնական Մեսրոպեան մշակուած ուղղագրութեան վերահաստատումը պէտք է ըլլայ: (Մանրամասնութիւնները մասնագէտներու գործ է):
Մշակութային առումով Մեսրոպեան ուղղագրութեան վերականգնումը Հայաստանի մէջ, կ’ըլլայ մշակութային այն ամրակուռ, հիմնական կամուրջը, որ աշխարհատարած Սփիւռքը իր արիւնատար հազար ու մէկ երակներով կը կապէ Հայաստանին, եւ փոխադարձաբար: Հայաստանի մէջ հրատարակուող մանկական գիրքերը, գրականութիւնը այլեւս ուղղագրութեան պատճառով «անհասկնալի» կամ «անհասանելի» չի նկատուիր, Սփիւռքի հրատարակչատուներուն արտադրանքը հեզաստահ օգտագործելի կ’ըլլայ հայրենի բնակչութեան համար, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ հասակ առնող պատանիներն ու երիտասարդները դիւրութեամբ կը հաղորդակցին իրարու հետ, հայ մշակոյթի հրաշագեղ հարստութեան հետ. Արեւմտահայերէնի զարգացումը աւելի ապահով կը դառնայ, արեւելահայ երիտասարդը իր սէրը կ’երգէ Վահան Թէքէեանով եւ Վազգէն Շուշանեանով, սփիւռքահայ մամուլը մուտք կը գործէ Հայաստան: Հայրենիքը կը ցնծայ եւ կը հանդիսանայ Հայ Մշակոյթի կեդրոնը: ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԸ իսկապէս ամբողջական կ’ըլլայ:
Վերջապէս փուլ պէտք չէ՞ գայ լեզուական այն կեղծ պարիսպը , որ միտումնաւոր բարձրացուեցաւ Հայաստանի Առաջին անկախութեան անկումէն ետք, հայութեան երկու հատուածներուն միջեւ անջրպետ առաջացնելու նպատակով: Դեռ մինչեւ ե՞րբ ուղղագրութեամբ բաժնուած պիտի ըլլանք: Մեր միասնականութեան հիմքը մեր մշակոյթը չէ՞, ուրեմն…
օօօ
Մշակոյթը Գաղափարական Միասնութեան Հիմք Օրինակելի Անցեալ 
Անցեալին երեք կայսրութիւններու մէջ տարածուած ըլլալով մէկտեղ, ժամանակը եւ սահմանները չկրցան մեզ բաժնել իրարմէ: Ինչո՞ւ: Մտածա՞ծ ենք պատասխանի մասին: Ո՛չ Սուլթանները, ոչ ալ ցարերը կրցան կասեցնել ձեռք-ձեռքի տալու եւ միմիանց օգնութեան հասնելու մեր ձգտումն ու ընթացքը: Ռուսահայաստանէն ԵՐԿԻՐ արշաւեցին խումբերով՝ պաշտպանելու հայը, որ կը կոտորուէր իր սուրբ հողին վրայ: Թիֆլիսէն ու Արցախէն հայ մեծ քաղաքական գործիչներ կազմակերպեցին Սասունն ու Վանը եւ այնքան հարազատ դարձան տեղաբնիկներուն, որ անոնք զիրենք Վանեցի կնքեցին (Շուշի ծնած Սերգէյը-Արամը անուանակոչուեցաւ Վանի Արամ): Միասնութեան հիմքը մշակոյթն էր, որովհետեւ բոլորը Ռաֆֆիի շունչով մեծցած էին:
Մալխասի «Զարթօնք» վէպին մէջ լաւապէս պատկերուած է ազատագրական պայքարի հունին մէջ աշխարհագրական տարբեր շրջաններէ հայերու քով-քովի գալու պատկերը, որ կեանք կը ստանայ եւ կ’անձնաւորուի Վահէին եւ Վարդանին տիպարներուն եւ Առիւծ Գէւոյի հեքիաթանման կռիւներու պատմութիւններուն ընդմէջէն: Գաղափարական միասնութիւն յանուն վեհ նպատակի: Օր մը «Զարթօնք»ը պիտի դառնա՞յ Հայաստանէն ներս ամենաշատ ընթերցուած գիրքերու ցանկին առաջինը: Այս վէպը, որ սերունդներ դաստիարակած է Սփիւռքի տարածքին, հիանալի կերպով կ’արտացոլէ հայութեան երկու հատուածներուն միաձոյլ միասնութիւնը, միասնութիւն, որ ունէինք եւ որուն պէտք է ձգտինք:
օօօ
Այնքան ատեն որ աշխարհագրականօրէն ցրուած ենք, պէտք է ամէն ջանք գործադրենք, որ մշակութային (ու նաեւ կրթական եւ գիտական) հասարակաց յենարանի վրայ համախմբուած եւ անկոտրում կերպով միասնական ըլլանք, միասնակամ տեսլականներով, առաւելագոյնս օգտագործելով ներկայ դարու արհեստագիտութեան բարիքները:
Ցօղիկ Աշըգեան