Ձեռնարկի պատրաստութեան առաջին ժողովին, սեղանին շուրջ նստած, երբ առաջարկեցինք յայտագիրին աւելցնել պարախումբի ելոյթ, առաջին անգամ մտածեցինք՝ «Ո՞վ պիտի պարէ»։ Համազգայինի «Սարդարապատ» պարախումբը օրերս արական սեռի պարող գրեթէ չունի, իսկ մենք եթէ հրաւիրելու ըլլանք տղաք, անոնք հաւանաբար, մէկը միւսէն ամչնալով, չգան: Այս մտահոգութիւնը ունենալով մէկտեղ առինք անուանացանկը ու մէկ-մէկ սկսանք պարողներու անուններ ճշդել-մաղել։ Մեր ընտրած անձերուն թիւը 15-ը անց էր։ Որոշեցինք բոլորը միասին հրաւիրել, որպէսզի մէկը միւսը տեսնելով քաջալերուի ու մասնակցի։
Չէինք սխալած այդ քայլը առնելով։ Ճիշդ է, ոմանք չուզեցին մասնակցիլ, բայց անոնց փոխարէն ուրիշներ մասնակիցներու մեծ թիւն ու ՍԵՄ-ի առօրեային մէջ նոր այս երեւոյթը տեսնելով փափաք յայտնեցին մաս կազմել պարողներու մեր խմբակին։ Պարուսոյցը որոշած էինք նախքան պարողները որոշելը: Վստահ էինք, որ ան հմուտ եւ ջանասէր է, բայց հարցում մը ինքզինք կը պարտադրէր յաճախ… արդեօ՞ք  պարողները լուրջի պիտի առնեն մեր առաջարկը, որքանո՞վ պիտի կրնանք յաջողցնել ելոյթը՝ ոչինչէն բան մը մէջտեղ բերել, գեղարուեստական յայտագիրը հարստացնել իւրայատուկ բաժինով մը:
Ոմանք ըսին, որ մենք մշակութային միութիւն  չենք, երիտասարդական միութիւն ենք, պար պիտի ներկայացնենք, բայց պայման չէ որ պարախումբի մը գեղարուեստական մակարդակով հանդէս  գանք, մեր ունեցածով, մեր ջանքերով, մեր կարելին պիտի ընենք։ Ուրիշներ յոյս կը ներշնչէին՝ պարողներուն մէջ փորձառու դէմքեր տեսնելով: Այդուհանդերձ չէինք կրնար կարծիք մը կազմել կամ ակնկալիք մը ունենալ, մինչեւ ականատեսը չըլլայինք փորձերու կանոնաւոր ընթացքին։
Փորձերը սկսան: Սրահին մէջ մասնակիցներուն պատկերը յուսադրիչ էր, իսկ տիրող մթնոլորտը՝ քաջալերելի։ Ժամանակին նեղ ըլլալը ստիպեց մեզ փորձերը առօրեայ դարձնել: Առօրեայ փորձերուն հեւքը բաւական ծանր եղաւ բոլորիս համար: Երկու ամսուան ընթացքին շատ դժուարութիւններէ անցանք՝ ժամեր դասաւորել, ձեւեր իւրացնել, կրկնել ու կրկնել…: Աշխատանքը դանդաղեցաւ մերթ ընդ մերթ՝ կարգ մը մասնակիցներու բացակայութեան հետեւանքով, բայցեւայնպէս ներկաներ միշտ ալ եղան, չյուսահատողներ միշտ ալ եղան, եղան այնպէս, ինչպէս կ’ուզէինք ու կը փափաքէինք։ Ու երբ պարերը իւրացուցինք, իւրաքանչիւրս իր մտքին մէջ կը վերյիշէր պարուսոյցին թելադրանքը, նկատողութիւնները: Յաճախ քով-քովի կու գայինք ու մէկս միւսին ցուցմունք կու տար, ուժ կը ներշնչէր:
«Ձայնով, տղա՜ք» կ’ըսէր մէկը, «Բերդ պիտի ելլենք այսօր, տղա՛ք: Պի՛նդ կեցէք» կ’ըսէր միւսը, «Ձեւը ցոյց տուր: Ոտքդ լա՛ւ վեր հանէ» կ’ըսէր պարուսոյցը: Իսկ երբ դադարը աւարտէր՝ «Ե՛լ, մէկ հատ ալ պարենք» կ’ըսէր եռանդուն ընկեր մը առօրեայ ծանրաբեռնուածութենէն յոգնած իր ընկերոջ եւ ձեռքը երկարելով ոտքի կը հանէր զինք:
Վերջին շաբթուան ընթացքին պարերը սորված ըլլալով մէկտեղ անդադար կը կրկնէինք զանոնք՝ կատարելագործելու մեր ելոյթը: Պարեցինք, սխալեցանք, սրբագրեցինք, կրկնեցինք, համաչափ դարձուցինք մեր շարժումները, մեր փորձերը շարունակուեցան հանդիսութեան բեմին վրայ եւ այնտեղ ալ պարեցինք նո՛յն թափով։
ԻՍԿ ԵԼՈՅԹԻՆ ՕՐԸ…
Բառերը անզօր են արտայայտելու ելոյթի օրուան այն զեղուն զգացումները, զորս ապրեցանք ու վայելեցինք։ Հանդիսականներուն ծափողջոյնները, տեսախցիկներուն փայլակները,  պարին ընթացքին ժպտուն դէմքերը մեր եռանդը եւ ուրախութիւնը կը կրկնապատկէին: Կանչերը  կը դառնային աւելի հնչեղ, նախապէս մեր ոտքերուն անհամաչափ զարկերը՝ գերազանցապէս համաչափ: Մեր մարմինէն աւելի մեր հոգին կը պարէր բեմին վրայ: Հոգին, որ քաղեց իր տքնաջան աշխատանքին պտուղը:
 Ձեր վարձքը կատա՛ր, ընկերներ:
«ՀԱԼԷՊԸ ՊԻՏԻ ԹՆԴԱՑՆԷՔ», կ’ըսէր պարուսոյցը տեւաբար։ Իրաւացի էր, իսկ դուք՝ ԲԱՑԱՌԻԿ։