Հալէպահայ ատամնաբոյժ բժիշկ Զաւէն Բախտիկեան ճանչցուած է բոլորին կողմէ իր ծառայասիրութեամբ եւ համեստութեամբ:
Հաւատաւոր ՀՄԸՄ-ական եղբ. Զաւէնը ազգային կեանքէն ներս զանազան պաշտօններ վարած է: Ատենապետութեան յանձնառու պաշտօնը ստանձնած է Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Խնամակալութեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին, Ազգ. Զաւարեան Վարժարանի Հոգաբարձութեան եւ Հայ Ծերանոցի Խնամակալութեան:
Երկար տարիներ մաս կազմած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Գաւառական Ժողովին:
ՀՄԸՄ-էն ներս եղած է Հալէպի մասնաճիւղի Վարչութեան ատենապետ, նաեւ Սկաուտ Խորհուրդի ատենապետ եւ սկաուտ խմբապետ:
Առ ի գնահատանք ՀՄԸՄ-ի շարքերէն ներս իր տարած գործունէութեան եւ վաստակին, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութինը զինք պարգեւատրած է ՀՄԸՄ-ի վահանով:
Եղբ. Զաւէն բնաւորութեամբ հեզ, բծախնդիր, կարգապահ, ծառայասէր եւ ազնիւ նկարագիրի տէր անձ մըն էր: Մեծ նուիրումով եւ բծախնդրութեամբ կը կատարէր իրեն վստահուած բոլոր պարտականութիւնները: Իր ամբասիր ու անսակարկ ծառայութեամբ կառչած մնաց ՀՄԸՄ-ի վեհ սկզբունքներուն: Բարձրացաւ եւ իր հետ բարձրացուց իրեն յաջորդող սերունդները, անոնց մէջ սերմանելով ազգասիրութեան եւ ծառայասիրութեան ոգին:
Անկե՛ղծ եղբ. Զաւէն, ճիշդ է որ անգութ մահը եկաւ խլեց քեզ քու սիրելիներէդ, հարազատներէդ, ընտանիքէդ եւ եղբայրներէդ, որոնցմէ առ յաւէտ բաժնուեցար, սակայն քու անհատականութեանդ վեհութեամբ ու ազգասիրութեամբ հալէպահայութեան յիշողութեան մէջ պիտի յաւերժանաս:
Ասօր, մենք միայն քու մարմինիդ հրաժեշտ կու տանք, սակայն քու հայատրոփ հոգիդ եւ ազգային գաղափարներդ մեր հետ պիտի մնան առյաւէտ, որպէս լուսաշող փարոս եւ ներշնչման աղբիւր:
Այս տխուր առիթով ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը իր սրտագին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի եղբօր, կողակիցին, զաւակներուն եւ հարազատներուն:
Հողը թեթեւ ըլլայ վրադ: Յիշատակդ վառ պիտի մնայ մեր յիշողութեան մէջ:
Եղբ. Արմէն Քէօշկէրեան