Հասարակական կեանքէն ներս, եթէ կը ցանկանք որ մեր բոլոր ծրագիրներն ու հեռանկարները յաջողութեամբ պսակուին, եթէ կը սպասենք, որ բանաւոր էակներ յօժարակամօրէն կատարեն մեր պատուէրները, կամ բարեհաճութեամբ ընծայեն մեզի մեր ակնկալիքները, ապա անհրաժեշտ է հետեւիլ այն ոսկի յորդորին, որ կ’ըսէ.
«Մարդոց մի զլանար այն, զոր կը փափաքիս ստանալ իրենցմէ…»։
Անշուշտ, բռնամիջոցներով կարելի է որեւէ մէկուն պարտադրել, որ մեր հրահանգներուն ենթարկուի եւ մեր բոլոր թելադրութիւնները գործադրէ։ Օրինակ՝ զէնքի ուժով կարելի է ստիպել մեծահարուստի մը որ իր քսակը ամբողջութեամբ պարպէ մեր առջեւ, կամ բրտութեամբ եւ ծեծի սպառնալիքով հարկադրել երեխան լրիւ կատարելու մեր բոլոր պահանջները։
Սակայն նման ապօրինի եւ վայրագ միջոցներ ընդհանրապէս կ’ունենան անբարենպաստ հետեւանքներ։
Ուրեմն ի՞նչ կը փնտռեն մարդիկ առաջին հերթին եւ առհասարակ։
Մեծահռչակ հոգեբան-գիտնական Սիկմընտ Ֆրոյէտ այս առնչութեամբ կ’ըսէ. «Մարդկային բոլոր արարքները կարելի է վերագրել ներքին երկու տեսակ մղումներու, առաջինը՝ սեռային, իսկ երկրորդը՝ մեծ եւ համբաւաւոր դառնալու տենչանքի»։
Հոգեզգացական թէ ֆիզիքական բարդութիւններէ զերծ՝ բնական եւ առողջ իւրաքանչիւր մահկանացու, կեանքի մէջ կը ձգտի ունենալ շատ մը բաներ, ինչպէս՝ առողջութիւն, երկար կեանք, բարօրութիւն, հարստութիւն, սեռային բաւարարութիւն, երջանիկ ամուսնութիւն, բարեկիրթ եւ շնորհալի զաւակներ, մասնագիտական ուսում, բարձրագոյն վկայականներ եւ տիտղոսներ, դիրք, պատիւ, համբաւ…ու յատկապէս՝ կարեւորութիւն եւ արժէք։
Վերոյիշեալ ձգտումները մեծ մասամբ կարելի է իրականացնել հետեւողական աշխատանքով եւ տքնութեամբ, բացի մէկէն՝ որ Ֆրոյէտի տեսութեամբ «մեծ ու նշանաւոր դառնալու ցանկութիւն»ն է, իսկ մերօրեայ իմաստասէրներու սահմանումով «կարեւորութիւն ստանալու փափաք»ը։ Ասիկա այն գլխաւոր յատկութիւնն է, որով մարդ արարածը կը տարբերի մնացեալ կենդանիներէն, եւ որ մարդկային քաղաքակրթութեան հիմնաքարը կը կազմէ։
Կարեւորութիւն ստանալու փափաքը չէ՞ր միթէ, որ Աբրահամ Լինքըլնը՝ ամերիկացի այդ չքաւոր եւ անուս մարդը առաջնորդեց, աղբանոցի մը տակառներէն գտած իրաւագիտական գիրքերը ի գին ծայրագոյն զոհողութիւններու եւ դժուարութիւններու յամառօրէն սերտելու եւ իւրացնելու, ապագային հասնելու համար իր երկրի բարձրագոյն դիրքին՝ ԱՄՆ-ի նախագահութեան պաշտօնին։
Արժէք ունենալու եւ նշանաւոր դառնալու նոյն այդ ցանկութիւնը չէ՞ր արդեօք, որ ներշնչեց Չարլզ Տիքնզը եւ մղեց զայն երկնելու իր անմահ վէպերն ու ստեղծագործութիւնները։
Արդարեւ՝ ուշադրութիւն գրաւելու եւ գնահատուելու համար մարդիկ կը հետեւին նորաձեւութեան, կը հագուին հրապուրիչ եւ աչքառու հագուստներ, մեծ կարեւորութիւն կ’ընծայեն իրենց վայելչութեան եւ պճնանքին, կը վարեն փարթամ եւ լաւագոյն մակնիշներով արդիական ինքնաշարժներ, կ’ապահովեն շքեղօրէն յարդարուած եւ կահաւո- րուած ու ամէն յարմարութիւններով օժտուած յանկուցիչ բնակարաններ կամ ապարանքներ, յոխորտանքով կը խօսին իրենց մեծածախս ճամբորդութիւններու եւ գնած թանկարժէք իրերու մասին, մանաւանդ՝ հպարտութեամբ կը յիշատակեն իրենց առաջադէմ զաւակներու արտասովոր ձիրքերը, արժանիքները, իրագործումներն ու յաջողութիւնները, առանց մոռնալու ընդգծել անոնց գերազանցութեան եւ օժտուածութեան մէջ իրենց ինկած առիւծի բաժինը կամ բերած անուրանալի նպաստը։
Կարեւորութեամբ մատնանշուելու կամ համբաւի տիրանալու անդիմադրելի ցանկութիւնը պատճառ դարձած է, որ անչափահասներ կամ երիտասարդներ ներգրաւուին ապառողջ շրջանակներու մէջ, գործեն յոռի եւ անվայել արարաքներ, կարգ մը պարագաներու նոյնիսկ մաս կազմելով յանցագործ եւ ոճրային խմբաւորումներու։
Ընկերաբան-գիտնականներ կը հաւաստիացնեն, որ մարդ-արարածներ երբեմն հոգածութեան, սիրոյ եւ գուրգուրանքի արժանանալու, կամ հասարակութեան մէջ իրենց նկատմամբ հետաքրքրութիւն եւ կարեկցանք ստեղծելու նպատակով, չեն վարանիր մինչեւ անգամ խելագարութիւն ձեւացնելու կամ թմրամոլութեան կործանիչ ճիրաններուն յանձնուելու, որպէսզի երեւակայական եւ գիտակցազուրկ վիճակի մէջ, գէթ ժամանակաւորապէս ապրին «կարեւորութիւն եւ արժէք» զգեցած ըլլալու պատրանքն ու երանութիւնը։
Վերջերս ԱՄՆ-ի մէջ կայացած բժշկական միջազգային համագումարի մը ընթացքին, համաշխարհային վարկ վայելող մեծանուն հոգեբոյժ-գիտնականներ հաստատած են, թէ գերարդիական ամենակատարելագործուած մանրադիտակներու միջոցաւ կատարուած տարրալուծարանային մանրազննին քըննութիւններ ապացուցած են, որ խելագարուած կամ իրենց գիտակցութիւնը կորսնցուցած հիւանդներէն շատերու ուղեղները օրկանապէս առողջ են եւ որեւէ վնասուածքէ զերծ։ Սա կը նշանակէ թէ խելացնորութիւնը անպայման չի յառաջանար ջղային խանգարումներու, հոգեբեկումներու եւ զգացական անհարթութիւններու պատճառած ուղեղային բջիջներու փճացումէն, ինչպէս թիւրիմացաբար կը դաւանին կարգ մը հոգեբաններ։
Նոյն համագումարին մէջ գիտնականներ ընդգծած են նաեւ, թէ «ոչ ոք ստուգապէս կրնայ գիտնալ կամ յայտնաբերել մարդոց ցնորամտութեան, ճշմարիտ պատճառները, սակայն խելակորոյս մահկանացուներ շատ անգամ իրենց ողբերգական եւ ապառողջ կացութեան մէջ իսկ կարեւորուած եւ կշիռ ստացած կը զգան, երբ կը յաջողին իրենց նկատմամբ խղճահարութիւն, զայրոյթ եւ ընդվզում յառաջացնել, ու հետեւաբար՝ ուշադրութեան կամ հետաքրքրութեան արժանանալ, հոգ չէ թէ բացասականօրէն, պարագայ մը՝ զոր չէին կրցած իրականացնել իրենց սովորական ու բնականոն կեանքի ընթացքին»։
Այսպէս՝ եթէ կարգ մը բանաւոր էակներ չարհամարհուելու եւ իրենց նկատմամբ ուշադրութիւն հրաւիրելու համար պատրաստ են նոյնիսկ նախատուելու եւ յիմար ձեւանալու, իսկ ուրիշներ՝ անտեսում ու նուաստացում չհանդուրժելու պատճառով եթէ իրողապէս ցնորած են եւ մինչեւ անգամ ոճիր գործած, ուրեմն հարկ է պատկերացնել, թէ անկեղծ գնահատանքն ու յարատեւ քաջալերութիւնը անհաւատալի ի՜նչ հրաշքներ կրնան գործել, եւ մարդս ինչիպիսի՜ յաջողութիւններու առաջնորդել, պայմանաւ անշուշտ, որ այդ գովաբանութիւնն ու խրախուսանքը ըլլան սրտանց, անխարդախ, հեռու սայթաքեցնող եւ շահախնդիր նկրտումներէ…։ Այլապէս՝ արդիւնքը կ’ըլլայ բացասական, որովհետեւ պատիր եւ երեսանց դրուատիքը, ինչպէս կեղծ ոսկին կամ զեղծուած դրամը, ուշ կամ կանուխ բացայայտուելով կրնայ աննախանձելի կացութեան մատնել զայն անհարկի կերպով եւ չարաշահօրէն շռայլողը։
Բոլորս ալ չենք մոռնար ֆիզիքական կանոնաւոր սնունդ ապահովել մեր զաւակներուն եւ մեր անմիջական հոգատարութեան յանձնուած հարազատներուն համար, անոնց առողջութիւնն ու կենսունակութիւնը երաշխաւորելու արդար մտահոգութեամբ ամէն օր հերթական ժումերով կերակրելով զանոնք։ Սակայն հազուադէպօրէն կը մտածենք անոնց (այդ զաւակներու եւ հարազատներու) հոգիները սնուցանել, զգացումները փայփայել եւ ինքնասիրութիւնը շոյել… իսկ այս բոլորի իրականացման համար բաւական են ազնիւ եւ յարգալիր վերաբերմունքը, գովասանական անկեղծ եւ քաղցր արտայայտութիւնները, որոնք անջնջելիօրէն դրոշմուելով անոնց յիշողութեան մէջ մշտապէս պիտի վերաթարմացնեն անոնց հոգիները, պիտի հրճուեցնեն անոնց սրտերը, պիտի դառնան վերակենսաւորող մոգական ուժ, որ պիտի մղէ զանոնք անկարելի նուաճումներու։
Անհրաժեշտ է ուրեմն՝ որ երբեմն մոռնանք մենք մեզ, չբաւականանանք միմիայն մենք մեր մասին մտածելով, մեր կարիքներն ու դժուարութիւնները առաջնահերթ նկատելով, լոկ մեր յաջողութիւններն ու իրագործումները լոյսի բերելով, այլ փորձենք քիչ մըն ալ ուշադրութիւն դարձնել ուրիշներուն, հետաքրքրուիլ անոնց ցաւերով եւ պահանջներով, չթերագնահատել անոնց առաւելութիւններն ու արժանիքները եւ անկեղծ դրուատիքով խրախուսել զանոնք…։ Այն ատեն միայն պիտի տեսնենք, թէ անոնք որքա՜ն երախտապարտ պիտի ըլլան մեզի եւ ինչպիսի՜ հաւատարմութեամբ կառչած պիտի մնան մեր խրատներուն՝ որպէս նուիրական պատգամ իրենց ողջ կեանքի տեւողութեան միշտ կրկնելով ու կենսագործելով զանոնք, նոյնիսկ եթէ մոռացումի տրուին մեր կողմէ։
Խաչիկ Շահինեան