Նուիրեալ բժիշկ, լուսատու ճրագ,
Հանդարտաբարոյ, պարթեւահասակ,
Բարութեան նմոյշ, ազնիւ ՄԱՐԴ էակ,
Կեանքէն հեռացար վաղ-անժամանակ…
Անիծեալ ես մա՛հ ու մեծ բռնակալ
Վախճանը մարդու ինչպէ՞ս իմանալ,
Թէ ի՞նչ է կեանքը, դժուար է գիտնալ
Դաժան է նաեւ մահուանդ անսալ
Սա ի՜նչ մեծ բօթ է՝ այրող ու կրակ,
Խորունկ կոտտացող վէրք է անհատակ,
Ազնուահոգի ՄԱՐԴ էիր համակ,
Սիրելի՛ բժիշկ, բարի հրեշտակ….
Մահդ մեծ գուժ է՝ Սուրիահայութեան
Ընտանիք, զաւակ ու ընկերութեան.
Խորհուրդ՝ բարութեան ու իմաստութեան,
Յաւերժի ճամբորդ՝ ԶԱՒԷՆ ԲԱԽՏԻԿԵԱՆ:
Տոքթ. Ղազար Պօղոս