«Ազատ Օր».-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման լուրը, անցնող քանի մը օրուան ընթացքին, գլխաւոր նիւթ դարձաւ յունական լրատուադաշտին մօտ, ողողելով թերթերուն էջերը եւ հեռատեսիլի ու ձայնասփիւռի լրատուական կայանները։ Արձանագրուած այս եղելութեան մեծ գոհունակութեամբ անդրադարձան լրագրողները եւ հաղորդավարները, որոնք միաժամանակ տեղ տուին Թուրքիոյ կողմէ հակազդեցութիւններուն եւ Ամերիկա-Թուրքիա յարաբերութիւններուն շուրջ հետագայ ենթադրութիւններու։
ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներուն հետ կապ հաստատելով, տարբեր լրատուամիջոցներ Աթէնքէն, Թեսաղոնիկէէն, Ալեքսանտրուպոլիսէն, Քոզանիէն, Իոաննինայէն եւ այլուր, տեղեկութիւններ ստացան եւ հարցազրոյցներ կատարեցին ու սփռեցին, լայնօրէն լուսաբանելով Յունաստանի հանրութիւնը։
Ի մասնաւորի՝ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, Սթաւրոս Ապարեան, Քերոբ Էքիզեան, Ռազմիկ Էրջէնեան, Պետրոս Հալաճեան, Յովիկ Գասապեան, Մարի Գալայճեան եւ Թեսաղոնիկէի -Թաղային Խորհուրդի ատենապետ Արթին Աբրահամեան, ելոյթներ ունեցան հեռատեսիլի բոլոր կայաններու գլխաւոր լուրերու բաժնէն սփռուած հաղորդումներով, առանձին հարցազրոյցներ ձայնասփիւռի շարք մը կայաններու հետ, ինչպէս նաեւ զրոյցներ վարեցին տպագիր եւ համացանցային թերթերու աշխատակիցներու հետ։
Անդրադարձներ եղան REAL FM Խուտալաքիս-Ռոկաքոս, REAL FM Աքիս Քոսոնաս-Մարօ Լէոնարտու, ERT լուրերու բաժին, ERT 3 լուրերու բաժին, STAR CHANNEL լուրերու բաժին, STAR ΚΕΝΤΡΙΚΗΣ ΕΛΛΑΔΑΣ Լենա Փարասքէվա, ANTENNA Եորղոս -Փափատաքիս, SKAI Սիա Քոսիոնի, LIVE MEDIA Եորղոս Քիուսիս, OPEN, «E» Եորղոս Թրակաս, ONE TV լուրերու բաժին, ΔΕΛΤΑ TV, ALPHA, ΑΘΗΝΑ 9,84 Քաթերինա Փափավասիլիու, Իոաննինայի քաղաքապետական ռատիոկայան Եորղոս Կոնծոս, «Η Φωνή της Ελλάδας» արբանեակային ΕΡΤ Թանասիս Խուփիս, ART FM Փարմէնիոն -Լիվանիտիս, protagon.gr։
Լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն մէջ լայն անդրադարձ կար Հայոց -Ցեղասպանութեան պատմական տուեալներուն, Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ ընդունուած բանաձեւի շուրջ մանրամասնութիւններու, Թուրքիոյ հակազդեցութեան ու Էրտողան-Չաւուշօղլուի յայտարարութիւններուն, Թուրքիոյ ժխտողականութեան եւ բանաձեւի ընդունումէն ետք անոր ճնշուած վիճակին։
Հաղորդումները ճոխացան յոյն սիրուած դերասանուհի Խրիսթինա Ալեքսանեանի կողմէ վկայութիւններով, ինչպէս նաեւ Քիմ Քարտաշեանի մասին նշումներով։ Զուգահեռներ գծուեցան Ցեղասպանութեան եւ Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ մէջ ընթացող զինեալ գործողութիւններուն, գաղթականութեան նոր ալիքին եւ քաղաքական դաշտը տագնապեցնող մթնոլորտին։