«Անթիլիաս».-Քանի մը օրեր առաջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առիթով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ երկար հարցազրոյց մը ունեցաւ «Քրիստոնէութիւնը այսօր» թերթին Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչին հետ: 1952-ին հաստատուած յիշեալ թերթը, որ կը բաղկանայ տեղեկատուական զանազան միաւորներէ, Միացեալ Նահանգներու տեղեկատուական կարեւորագոյն օրկաններէն մէկն է` աւետարանական հակում ունեցող:
Հարցազրոյցի մուտքին թղթակիցը ներածական բաժինով մը ընդհանուր տեղեկութիւններ տուաւ` հայ եկեղեցւոյ անցեալին ու ներկային առնչուած: Ապա ան ուզեց իմանալ վեհափառ հայրապետին մօտեցումը Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ որդեգրուած բանաձեւին մասին: Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ հայ ժողովուրդին իրաւունքները տակաւին կը շարունակեն մնալ բռնաբարուած` 100 տարիներ ետք. հետեւաբար, մենք կը ջանանք միջազգային համայնքին ուշադրութեան յանձնել, միաժամանակ շեշտելով, թէ ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն է: Արդարեւ, ցեղասպանութիւն, ջարդ, եղեռն, աքսոր կամ այլ բնորոշումները այնքան կարեւոր չեն, էականը օրուան թուրք Օսմանեան կայսրութեան նպատակն էր. բնաջնջել հայ ժողովուրդը` իրագործելու համար իր համաթուրանական ծրագիրը: Հետեւաբար, վեհափառ հայրապետը շեշտեց, թէ մեր ժողովուրդին պահանջը արդար է միջազգային օրէնքի եւ մարդկային իրաւանց հռչակագիրին համաձայն:
Պատասխանելով այլ հարցումին, թէ ի՞նչ է դերը հայ եկեղեցւոյ Հայ Դատի հետապնդման գծով, վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ «Եկեղեցին ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ցեղասպանութեան զոհերն էին: Երկար դարերէ ի վեր այս Ս. աթոռին կեդրոնը Սիսի մէջ էր: Իմ նախորդներէս երջանկայիշատակ Տ.Տ. Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսին պարտադրեցին ցեղասպանութեան օրերուն, որ իր միաբանութեամբ հեռանայ կաթողիկոսարանէն: Սա պատմական իրողութիւն է»: Շարունակելով իր խօսքը` Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, թէ «Սփիւռքի գոյութիւնը ինքնին փաստ է ցեղասպանութեան: Սփիւռքը պարտադրուած իրականութիւն մըն է: Մենք չստեղծեցինք զայն: Ան հետեւանք է ցեղասպանութեան: Քիչ առաջ դուք այցելեցիք Սրբոց Նահատակաց յուշարձան եւ տեսաք աճիւնները մեր նահատակներուն: Ուրկէ՞ եկան անոնք. միթէ երկինքէ՞ն իջան… Մարդկային իրաւանց հարցը որեւէ եկեղեցւոյ առաքելութեան մաս կը կազմէ: Մենք այս գիտակցութեամբ կը գործենք»: Ապա, պատասխանելով հարցումի մը, Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ Թուրքիոյ դէմ բացուած կաթողիկոսարանի դատին` պահանջելով Սիսի պատմական կաթողիկոսարանին վերադարձը: «Մենք կտոր մը հող չէ որ կը պահանջենք, այլ կրօնական ու պատմական խորունկ նշանակութիւն ունեցող վայր մը: Եթէ Թուրքիան իրապէս կ՛ուզէ բարի կամեցողութեան նեղ պատուհան մը բանալ, ահաւասիկ կաթողիկոսարանին վերադարձը իր իրաւատիրոջ առիթ մըն է», ըսաւ վեհափառ հայրապետը: Այս ծիրին մէջ դարձեալ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ է պահանջը հայ ժողովուրդին, վեհափառ հայրապետը պատասխանեց ըսելով, թէ հայ ժողովուրդին իրաւունքներուն վերադարձին առաջին գործնական քայլը կրնայ ըլլալ եկեղեցիներու, վանքերու եւ ազգապատկան կալուածներու վերադարձը:
Լրագրողը ակնարկելով Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ յարաբերութեանց մտահոգութիւն յայտնեց, որ Ներկայացուցիչներու տան յիշեալ որոշումը կրնայ վտանգել երկու երկիրներուն յարաբերութիւնը: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ պետութիւնները կը գործեն աշխարհաքաղաքական շահերէ եւ մարդկային իրաւանց սկզբունքներէ մեկնած: Դժբախտաբար, պետութիւններու առաջնահերթութիւնը, ինչպէս Միացեալ Նահանգներուն, կ՛երթայ առաջինին: Հոս է խնդիրը: Եկեղեցւոյ դերը յիշեցնել է պետութիւններուն, որ պէտք չէ զոհել մարդկային իրաւունքները աշխարհաքաղաքական նեղ հաշիւներէ մեկնած:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ եկեղեցւոյ ներողամտութեան եւ հաշտարարի դերը ինչպէ՞ս կարելի է գործադրել հայերու եւ թուրքերու յարաբերութեանց ծիրին մէջ, վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ ներողամտութիւնը քրիստոնէական հաւատքին կարեւոր տարրերէն մէկն է: Սակայն, ներողամտութիւնը կը յաջորդէ խոստովանութեան: Կու գայ օրը, երբ մենք կրնանք ներել, երբ արդարութիւն կը կատարուի մեր ժողովուրդին, սակայն մեր ժողովուրդը երբեք չի մոռնար այն, ինչ որ կատարուեցաւ իր դէմ 1915-ին: Ես չեմ հաւատար աժան ներողամտութեան եւ դիւրին հաշտութեան: Նման մօտեցում սխալ ուղղութեան կ՛առաջնորդէ մեզ: Եկեղեցին պիտի գիտնայ թէ՛ ոչ ըսել եւ թէ՛ այո` արդարութեան ու ճշմարտութեան սկզբունքներէն մեկնած: Սա եկեղեցւոյ մարգարէական դերն է:
Շարունակելով իր խօսքը եւ այլ հարցումներու պատասխանելով` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ ցեղասպանութիւնը մեր ժողովուրդին մօտ Թուրքիոյ նկատմամբ թշնամանք մը յառաջացուց, որովհետեւ ցեղասպանութիւնը մեր ժողովուրդին հաւաքական յիշողութեան մէջ արմատացած է: Զայն փոխելը ժամանակ կը պահանջէ, Թուրքիոյ կողմէ առնուելիք գործնական քայլեր կը պահանջէ. օրինակ, վերջերս կարգ մը թուրք մտաւորականներ սկսան խօսիլ ու գրել Հայոց ցեղասպանութեան մասին, Թուրքիոյ նախագահը 24 Ապրիլին առիթով միշտ կ՛ըսէ, թէ պատերազմի ընթացքին սխալ բաներ եղած են: «Մեր սպասումն է, որ Թուրքիոյ պետութիւնը ըսէ, թէ հայ ժողովուրդին դէմ կազմակերպուած եւ գործադրուած ցեղասպանութիւն մըն է եղածը: Սպասելի է, որ Թուրքիոյ նոր սերունդը տեղեկատուութեան ներկայ դարուն ուսումնասիրէ իր պատմութիւնը` տեսնելու համար ճշմարտութիւնը», եզրափակեց վեհափառ հայրապետը: