ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ.- Կիրակի, 3 Նոյեմբերի երեկոյեան, Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ յիշատակուեցաւ ՀՅԴ-ի 129-ամեակը, կազմակերպութեամբ տեղւոյն “Սարդարապատ” կոմիտէութեան եւ ՀԵԴ “Նժդեհ” մասնաճիւղին: Շուրջ երկու հարիւր հայորդիներ ներկայ էին այս հանդիսութեան, որ սկսաւ Պոսթընի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական կազմի կատարած դրօշակի արարողութեամբ: Օրուան հանդիսավարն էր Վիրժինի Թուլումեան, որ բարի գալուստ յայտնեց եւ բեմ հրաւիրեց ՀԵԴ “Նժդեհ” Մասնաճիւղի անդամներ Այտա Պարսումեանն ու Սարօ Սագայեանը, որոնք յաջորդաբար անգլերէնով եւ հայերէնով, երիտասարդականի ակնոցով դիտեցին այս օրուան իմաստն ու նշանակութիւնը: Պարսումեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ երիտասարդութեան պարտականութիւնն է հետեւիլ պատմութիւն կերտած այս կուսակցութեան, որուն պարտականութիւնն է շարունակ ծառայել հայրենիքին: Ան շեշտեց, թէ հետեւողական աշխատանքի արդիւնք, դեռ քանի մը օր առաջ կարելի եղաւ ի նպաստ հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւ մը քուէարկել: “Ոչ թէ միայն Հայաստանի, այլ Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ ալ մենք շարունակ կը գործենք, շարունակ նեցուկ կանգնելով տեղւոյն երիտասարդութեան“, ըսաւ Պարսումեան:
Սարօ Սագայեան յայտնեց, թէ իբրեւ երիտասարդական, երախտապարտ է ՀՅ Դաշնակցութեան եւ քաջատեղեակ է, թէ հայրենիքէն ներս աշխատանք կայ իրագործելիք:
Տեսերիզի ցուցադրութէնէն ետք, ՀՅԴ “Սարդարապատ” կոմիտէութեան խօսքը երկու լեզուներով, փոխանցեց Մուրատ Մանուկեանը, որ շեշտեց, թէ Դաշնակցութեան Օրը, հաստատուած է 1925-ին 10-րդ ընդհանուր Ժողովի որոշումով եւ դարձած աւանդութիւն:
“…Սոսկ տարեդարձ մը չէ այլ՝ հրաւէր մը ներկայացնելու ամբողջ ժամանակաշրջանի մը վրայ ծաւալող գործի հաշուետուութիւնը. Հայ ժողովուրդի զանգուածներուն հետ երկխօսելու հրաշալի առիթ երբ ժողովուրդի ծոցէն ծնած եւ անոր իղձերուն իրականացման համար ոչինչ խնայող այս հսկան ժողովուրդին կը ներկայանայ նաեւ՝ ապագայի իր տեսլականով: Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին կը ներկայանայ իր գործունէութեան ամբողջական հաշուեկշիռով, իրականացուած գործին հետ նաեւ անկատար մնացած ծրագիրներու ցուցակով, արձանագրուած յաջողութիւններու կողքին նաեւ՝ թոյլ տրուած բացթողումներով եւ մանաւանդ՝ բացթողումներով առանց դոյզն իսկ վարանումի:…Դաշնակցութիւնը իր ծնունդէն մինչեւ ներկայ, երբեմն անյաղթահարելի թուացող դժուար պայմաններու մէջ անգամ, իր աշխարհատարած գործով արժանացած է հայ ժողովուրդի սիրոյն ու երախտագիտութեան: Բանանք հայ ժողովուրդի պատմութեան մօտիկ անցեալի, 19 -րդ դարու վերջերուն սկիզբ առած ազատագրական պայքարի էջերը ու հոն, պայքարի բոլոր հանգրուաններուն հայ ժողովուրդի ազատութեան եւ անկախ Հայաստանի կերտման գործին անսակարկ նուիրեալ Դաշնակցական ֆետայիներու փաղանգն է, որ պիտի ուրուագծուի մեր մտապատկերին մէջ: Յիշենք Սարդարապատը, Բաշ Ապարանն ու Ղարաքիլիսէն եւ 1918-ին անկախացած Հայաստանի կարճատեւ բայց պատմականօրէն բախտորոշ հանգրուանին Դաշնակցութեան ունեցած գործուն դերակատարութիւնը“, ըսաւ ան:
Ապա Մանուկեան նշեց, թէ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնն է որ շարունակ պահապան կեցաւ հայոց եռագոյնին, միշտ ալ վառ պահելով ազատ եւ անկախ Հայաստանի տեսլականը հայ զանգուածներու մտքին ու սրտին մէջ:
“Այս բոլորին կողքին անպայման պիտի յիշենք վերանկախացած Հայաստանն ու Արցախը եւ Արցախի ազատագրման պայքարին մէջ Դաշնակցութեան ունեցած հսկայ ներդրումի մասին: Պիտի յիշենք նաեւ Հայաստանի ու Արցախի պետականութիւններու ամրացմանն ուղղուած աշխատանքներուն մէջ ցարդ կատարուած եւ շարունակաբար կատարուելիք վիթխարի գործին մասին: Ինչպէս Երէկ էր, այսօր եւ վաղը եւս, Դաշնակցութիւնը իր համազգային ամբողջ ներոյժով եւ կարողականութեամբ լծուած է եւ պիտի շարունակէ լծուիլ Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման գործին: Դաշնակցութեան եւ անոր ուղեկից միութիւններու ճամբով Հայաստանի եւ Արցախի պետականութիւններուն սատարելու հնարաւորութիւնները հասանելի են մեզմէ իւրաքանչիւրին: Թող այս մէկը ընկալուի գործօն մասնակցութեան կոչ մեզմէ իւրաքանչիւրին եւ մանաւանդ՝ երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներուն, իրենց կարողականութիւնը ի սպաս դնելու ազգանուէր այս աշխատանքին”, եզրակացուց ան:
Երիտասարդականի անդամ Մեղրի Տէր Վարդանեանի կատարած ասմունքէն ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսը՝ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հերթապահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ պատշաճ ձեւով ներկայացուց օրուան պատգամը:
Ան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ իբրեւ համաշխարհային հասողութիւն ունեցող, համազգային տարողութիւն ունեցող կազմակերպութիւն՝ յստակ է, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը լոկ քաղաքական կուսակցութիւն չէ, որ կը գործէ հայրենիքի մէջ: