ՀՅԴ Հանրային Կապերու Գրասենեակէն կը հաղորդեն, որ Պրիւքսէլի մէջ Հինգշաբթի, 7 Նոյեմբերին, PES-ի կեդրոնատեղիին մէջ, Եւրոպական Ընկերվարական Կուսակցութեան (Party of European Socialists) նախագահ Սերգէյ Ստանիշեւ (Sergei Stanishev) ընդունեց այցելութիւնը ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանին։
Հանդիպումին ընթացքին քննարուեցան երկու կուսակցութիւններու գործակցութիւնը շարունակելու կարելիութիւնները։
ՀՅԴ-ն, որպէս Եւրոմիութեան ոչ-անդամ եւ կամ անդամութեան թեկնածու երկրի կուսակցութիւն՝ դիտորդի կարգավիճակով անդամ է PES-ին։