ՏԵ­ՂԱ­ԿԱՆ 
ԼՈՒ­ՐԵՐ ՍՈՒՐ­ԻՈՅ ՄԱՐ­ԶԱ­ԿԱՆ ԿԵԱՆ­ՔԷՆ 
-Սուր­իոյ տղոց պաս­քե­թի նա­խա­գա­հի բա­ժա­կի Հա­լէ­պի խմ­բա­ւոր­ման երկ­րորդ փու­լի մր­ցում­նե­րուն, ՀՄԸՄ-ի տղոց խում­բը ար­ձա­նագ­րեց իր երկ­րորդ պար­տու­թիւնը, այս ան­գամ ճա­լ­աա-ի կազ­մէն՝ 65-41 ար­դիւն­քով:
-Հոմ­սի Ուաս­պէ ակում­բի վար­չու­թիւնը, պաշ­տօ­նա­պէս յայ­տա­րա­րեց, որ ակում­բը իր մաս­նակ­ցու­թիւնը պի­տի չբե­րէ Սուր­իոյ պաս­քե­թի 2019-2020 տա­րեշր­ջա­նի մր­ցա­շար­քե­րուն, Պաս­քե­թի դաշ­նու­թեան ակում­բին հանդէպ ցուցաբերած ան­տար­բեր եւ անար­դար մօ­տե­ցու­մին հա­մար:
– Դա­մաս­կո­սի Ճէյշ խում­բի վար­չու­թիւնը պաշ­տօ­նա­զուրկ ըրաւ ֆութ­պո­լի խում­բի մար­զիչ Թա­րէք ճապ­պա­նը, անոր փոխա­րի­նե­լով Ռա­ա­ֆաթ Մու­համ­մէ­տը:
– 5-10 Դեկ­տեմ­բեր 2019-ին, Դա­մաս­կո­սի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ արեւմտ­եան Աս­իոյ պա­տա­նի աղջ­կանց հաւաքական­նե­րու մր­ցա­շար­քը:
ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱՆ 
ԱՐ­ՄԷՆ ՄԵ­ԼԻՔ­ԵԱՆ ՈՍ­ԿԻ ՄԵ­ՏԱ­ԼԱ­ԿԻՐ 
Հուն­գար­իոյ մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք յու­նահ­ռո­մ­է­ա­կան ոճի ըմբ­շա­մար­տի աւար­տին,  Հա­յաս­տա­նի հաւաքա­կա­նի ան­դամ Ար­մէն Մե­լիք­եան (60 քկ.) ար­ժա­նա­ցաւ ոս­կի մե­տա­լի: Եզ­րա­փա­կիչ մր­ցու­մին, Հա­յաս­տա­նի ներկա­յա­ցու­ցի­չը 11-7 ար­դիւն­քով յաղ­թեց Խրխ­զիս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ժո­լա­ման Շար­շեն­փե­կո­վին: Ար­մէն Մե­լիք­եան եզ­րա­փա­կի­չի ճամ­բուն յաղ­թած էր պուլ­կա­րա­ցի Մար­թին Վե­լե­ւին (8-0), իրան­ցի Մեհ­տի Մուհ­սէ­նին (4-0) ու հունգարա­ցի Կրիստ­ի­ան Կեչս­կե­մետի­ին (5-0): Հա­յաս­տա­նի երկ­րորդ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ Ար­ման Վար­դում­եան (82 քկ.) 3 Նո­յեմ­բերին բարձ­րո­րակ մա­կար­դա­կի խա­ղար­կու­թեամբ, 10- 6 հա­շիւով, յաղ­թեց Թուրք­մենս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տոյլի Օրա­զո­վին, իսկ պրոն­զէ մե­տա­լին հա­մար պար­տութ­եան մատն­ուե­ցաւ Խա­զա­խիս­տան­ցի Եւ­գէ­նի Պո­լի­վա­դովի­էն՝ 7-16:
ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ 
ՊԱՐ­ՍԵ­ԼՈ­ՆԱՆ ՆԿԱ­ՏԱ­ՌԵ­ԼԻ ԱՐ­ԴԻՒՆ­ՔՈՎ ԶԻ­ՋԵ­ՑԱՒ ԼԷ­ՎԱՆԹԻ­ԻՆ 
Սպան­իոյ ախոյ­եա­նու­թեան 12-րդ փու­լի մր­ցում­նե­րուն, ախոյ­եան Պար­սե­լո­նան 3-1 ար­դիւն­քով պար­տու­թեան մատնուե­ցաւ Լե­վանթի­էն, ար­ձա­նագ­րե­լով այս տա­րեշր­ջա­նի իր եր­րորդ պար­տու­թիւնը: Հան­դի­պու­մի 38-րդ վայրկեանին, Քա­թա­լո­ն­իա­կան խում­բին մի­ակ կո­լը տու­գա­նա­յին հար­ուա­ծով նշա­նա­կեց Լի­ո­նէլ Մես­սին: Երկ­րորդ կիսա­խա­ղին հիւ­րըն­կալ խում­բը եօ­թը վայրկ­եան­ուան մէջ կր­ցաւ տի­րա­պե­տել խա­ղար­կու­թեան նշա­նա­կե­լով երեք կոլ՝ 61 – 63 – 68-րդ վայրկ­եան­նե­րուն: Մայ­րա­քա­ղա­քի թա­գա­ւո­րա­կան ակում­բը՝ Ռէ­ալ Մատ­րի­տը իր դաշ­տին վրայ բաւարարուե­ցաւ մէկ կէ­տով եւ 0 – 0 հա­ւա­սա­րու­թեամբ աւար­տեց Ռէ­ալ Պե­թի­սի հետ կա­տա­րած հան­դի­պու­մը: Աւելցնենք, որ սոյն ար­դիւնք­նե­րով Պար­սե­լո­նան եւ Ռէ­ալ Մատ­րի­տը 22 կէ­տով գրա­ւե­ցին աղիւ­սա­կին առա­ջին դիր­քը:
ՊԱ­ՅԵՐՆ ՄԻՈՒ­ՆԵԽ ՊԱՇ­ՏՕ­ՆԱ­ԶՈՒՐԿ ԸՐԱՒ ԻՐ ՄԱՐ­ԶԻ­ՉԸ 
Կի­րա­կի օր, Գեր­ման­իոյ բազ­մա­կի ախոյ­եան Պա­յերն Միու­նե­խի վար­չա­կազ­մը պաշ­տօ­նա­զուրկ ըրաւ խում­բի Խր­ուաթ մար­զիչ Նի­քօ Քո­վաթ­չը: Այս որո­շու­մին գլ­խա­ւոր պատ­ճառն էր ախոյ­եան խում­բին վեր­ջին ձա­խո­ղու­թիւնը, որ 5-1 արդիւն­քով զի­ջե­ցաւ Ին­թե­րախթ ֆրանք­ֆորթ խում­բին: պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ յիշ­ուե­ցաւ, որ ակում­բի նա­խա­գահն ու մար­զա­կան տնօ­րէ­նը փակ նիստ մը գու­մա­րած են խր­ուա­թ­ մար­զի­չին հետ, որուն աւար­տին առած են այս որո­շու­մը: Աւելց­նենք, որ Քո­վաթչ 2018-ի ամ­րան ստանձ­նեց Պա­յերն Միու­նէ­խի մար­զի­չու­թեան պաշ­տօ­նը, որուն հետ տի­րա­ցաւ Գեր­ման­իոյ ախոյ­եա­նութ­եան, նա­խա­գա­հի եւ Սու­փը­րի բա­ժակ­նե­րուն: Ներ­կա­յիս Պա­յերն կը գրա­ւէ Պոն­տէս Լի­կա­յի ախոյ­եա­նու­թեան աղիւ­սա­կին 4-րդ հո­րի­զո­նա­կա­նը: Խում­բը իր կա­տա­րած տա­սը մր­ցում­նե­րուն ըն­թաց­քին արձա­նագ­րեց հինգ յաղ­թա­նակ, երեք հա­ւա­սա­րու­թիւն եւ եր­կու պար­տու­թիւն կրեց:
ԱՆՏ­ՐԷ ԿՈ­ՄԷԶ ՎԻ­ՐԱ­ՒՈՐ­ՈՒԵ­ՑԱՒ
Անգլ­իոյ ախոյ­եա­նու­թիւնը իր 11-րդ փու­լին ցա­ւա­լի դէպք մը ար­ձա­նագ­րեց եր­կի­րին մար­զա­կան պատ­մու­թեան մէջ: Դէպ­քի կող­մերն էին Թո­թեն­համ խում­բի քո­ր­է­ա­ցի խա­ղա­ցող Սոն Հոն­քը եւ Իվեր­թը­նի փոր­թու­կալ­ցի խա­ղա­ցող Անտ­րէ Կո­մե­զը: Հան­դի­պու­մին, երբ Կո­մեզ գըն­դա­կը առած կÿուղղ­ուէր դէ­պի մր­ցա­կի­ցին դար­պա­սը, Սոն ու­զեց դադ­րեց­նել յար­ձա­կու­մը, բայց անոր կո­պիտ խա­ղար­կու­թեան պատ­ճա­ռով փոր­թու­կալ­ցի խա­ղա­ցողը վի­րա­ւոր­ուե­ցաւ, որուն հետեւան­քով ալ ան կր­նայ ֆութ­պո­լի դաշ­տե­րէն առ­յա­ւէտ հե­ռա­նալ: Աւելց­նենք, որ Սոն չկր­ցաւ զս­պել իր ար­ցուն­քը եւ ազդ­ուե­ցաւ Կո­մե­զի վի­ճա­կէն:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան