Ուրբաթ, 8 Նոյեմբեր 2019-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեան հովուական անդրանիկ այցելութիւն տուաւ Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանին, ընկերակցութեամբ՝ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Յարութ Քիլիսեանի:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութեան, Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի Հոգաբարձութեան, Տնօրէնութեան, Ծնողաց յանձնախումբին եւ Ուսուցչական կազմին կողմէ:
Կրթասիրաց Յարութիւնեան մանկապարտէզի փոքրիկները ծաղկեփունջով եւ աղ ու հացով բարի գալուստ մաղթեցին Սրբազան Հօր, ապա հայերէն երգերով արտայայտեցին իրենց սէրը հանդէպ մայրենի լեզուին: Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի դասարանները այցելելով իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց աշակերտներուն, որոնք խանդավառուելով խոստացան լաւապէս պատրաստել իրենց դասերը:
Սրբազան Հայրը այցելեց նաեւ Վարժարանի տարրալուծարանը, համակարգիչի դասարանը, ուսուցչարանը եւ գրադարանը ու մօտէն ծանօթացաւ տարուած ուսումնական աշխատանքին:
Ուսուցչական կազմն ու Կրթասիրացի մեծ ընտանիքը համախմբուած Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան «Փիւնիկ» սրահին մէջ դիմաւորեցին Սրբազան Հօր: Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով խումբ մը աշակերտներ եւ ուսուցիչներ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին, ապա Վարժարանի տնօրէն երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեան խօսք առնելով բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգ. Վարչութեան՝ հայ դպրոցին նկատմամբ իրենց ցուցաբերած աչալուրջ հետաքրքրութեան համար:
Առ ի երախտագիտութիւն, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան ատենապետ՝ Տիար Կարպիս Պարտաքճեան Միութեան կողմէ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգ. Վարչութեան նուիրեց «Այնթապի Ասեղնագործութիւն» երկհատոր հրատարակութիւնը, իսկ Վարժարանի տնօրէն երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեան Սրբազան Հօր նուիրեց արծաթեայ խաչ մը եւ Վարժարանի 65 եւ 90 ամեակներու յուշամատեանները:
Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը փոխանցելով գնահատեց Կրթասիրաց մեծ ընտանիքին տարած աշխատանքը, յատկապէս Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն դպրոցը բաց պահելու համար թափուած ճիգերը եւ մաղթեց, որ Վարժարանը շարունակէ բարգաւաճիլ եւ նոր վերելքներ արձանագրել:
Աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում, ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր տպաւորութիւնները մակագրեց Վարժարանի ոսկեմատեանին մէջ:
Այցելութիւնը վերջ գտաւ «Պահպանիչ» աղօթքով: