Շանթ եւ Հրաչ ընկերներ են: Օր մը Հրաչը հարցուց Շանթին.
-Ի՞նչ են հայերէնի յատկանիշները:
Շանթը պատասխանեց.
– Հայերէնը ճոխ եւ իւրայատուկ լեզու է:
– Ինչո՞վ իւրայատուկ է, չհասկցայ:
– Հայերէնը, ընկերս, հին եւ գեղեցիկ է: Ան ունի զանազան հնչիւններ եւ անոնց յատուկ տառերը:
– Ես կը սիրեմ հայերէնը, որովհետեւ իմ նախահայրերուն լեզուն է, բայց ինչպէ՞ս կրնանք պահել զայն:
– Գործածելով, սորվելով եւ սորվեցնելով: Ուրեմն, ընկերնե՛ր, մենք պէտք է գուրգուրանք հայերէն լեզուին վրայ, պահենք ու պաշտպանենք զայն, որ ան ապրի ու գոյատեւէ դարէ-դար:
Տիգրան Մանճիկեան
Զ. կարգ
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան