Հայերէնը հին եւ գեղեցիկ լեզու է: Ան ունի հարուստ բառամթերք: Կը սիրեմ հայերէնը, որովհետեւ իմ մայրենի լեզուն է: Մայրս այդ լեզուով «օրօրոցային» երգած է ինծի համար, որ մեծնամ ու սիրեմ լեզուս:
Սիրելը բաւարար չէ, սակայն: Սէրը գործով պէտք է արտայայտենք: Ուրեմն խօսինք, գրենք եւ կարդանք հայերէն, որպէսզի  պահպանենք զայն:
Գաբօ Պիթար
Զ. կարգ
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան