Կիրակի, 10 Նոյեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս․Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ իր անդրանիկ Ս․Պատարագը մատուցեց Հոգեշհ․ Տ․ Մանուկ Աբղ․ Պրիխանեանը։

Արարողութեան հանդիսապետեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Մասիս Սրբ․ Եպս․ Զօպուեան։ Ներկայ էին Ազգ․ Վարչութեան անդամներ, նորաօծ հայր սուրբին հարազատները եւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը։

Հոգեշահ հանդիպումը կը պարզէր Աստուծոյ հրաշալի տնօրինումը։ Երկնաւոր Հօր բարեսէր կամքին համաձայն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արժանընտիր գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին հրամանաւ եւ օրհնութեամբ հայր Մանուկը դարձաւ Մեծի Տանն Կիկիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան, մաս կազմելով Բերիոյ Հայոց Թեմի հոգեւորականաց դասուն, նշանակուելով Թեմակալ Առաջնորդի օգնական: Գաղութիս համար յուսադրող այս կարգադրութիւնը պատմական նշանակութիւն ունեցաւ։

Միւռոնաբոյր Մայր եկեղեցւոյ մէջ Աբեղայական ձեռնադրութիւնը եզակի երեւոյթ է։ Յուսադրիչ այս առիթը հալէպահայերուն մեծապէս ուրախացուց։

Յընթացս Ս․ Պատարագին հայր Մանուկը իր անդրանիկ քարոզին ընդմէջէն փառք եւ գոհութիւն վերառաքեց Աստուծոյ, Իր անսահման սիրոյն եւ շնորհքին համար, որով արժանացաւ քահանայական օծման: Ան իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին, որուն բարձր արտօնութեամբ Աբեղայական ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցաւ։ Հայր Մանուկը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որուն ձեռամբ քահանայական օծում եւ կարգ ստացաւ: Պատգամին բնաբանն էր «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա’ » (Ղկ 8.50), Տէրունաւանդ պատուէրը։ Ան օրուան խորհուրդէն մեկնելով լուսարձակի տակ առաւ քրիստոնէական կոչումին տէր կանգնելու անհրաժեշտութիւնը։ Նուիրական առաքելութիւն մը, որ հաւատքով վաւերական իմաստ կ՝ունենայ։ Հայր Մանուկը յայտնեց, թէ հաւատքի մարդը հակառակ կեանքի բազմաբնոյթ տագնապներուն եւ մարտահրաւէրներուն, կառչած կը մնայ Քրիստոսի եւ որպէս իմաստուն ծառայ հաւատարիմ կը մնայ Աստուծոյ, եկեղեցիին, հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներուն։ Ուստի, Հաւատքով սպառազինուած ըլլալը էական է, առանց որուն՝ մարդը պիտի սայթաքի եւ չարին լարած թակարդներուն մէջ պիտի իյնայ։

Ապա Հայր սուրբին կողմէ մատակարարուեցաւ Ս․ Հաղորդութիւնը։ Հոգեգրաւ պահը խորհրդաւոր էր։ Լուսածարաւ հոգիներ երկիւղած ապրումով մօտեցան Ս․ խորան եւ ճաշակեցին Տիրոջ փրկարար մարմինն ու արիւնը՝ Ս. հաղորդութիւնը, որ բաշխուեցաւ հայր սուրբին նորաօծ ձեռամբ։

Տեղին է յիշել թէ Հոգեշհ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պրիխանեանը վերջերս գումարուած Գաւառական ժողովին ընտրուեցաւ Ազգ․ Կրօնական Ժողովի անդամ, որպէս ատենադպիր։

Թեմիս հոգեւորականաց դասուն անունով բարեյաջող եւ լուսաշող երթ կը մաղթենք հայր սուրբին։ Ընդ երկար ծառայութիւն Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։