Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 9 նոյեմբերին Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ:

Քննարկուած են հայրենիք-սփիւռք, եկեղեցի-հասարակութիւն փոխյարաբերութիւններու, Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դերը սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան, հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման եւ Արցախին միշտ սատարելու գործին մէջ: