«Թերթ».-Ռուսիոյ  արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Հայաստան ժամանելուն պէս մասնակցած է Ազգային պատկերասրահի Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի 75-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսի բացման արարողութեան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը կարեւոր համարած է  յաջորդ տարի յաղթանակի 75-ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան կատարումն ու ընդգծած է այն հանգամանքը, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան առաջին անգամ արձագանգած է 9 Մայիսին Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք հրաւէրին:
«Հայերու եւ ռուսերու բազմադարեայ բարեկամութիւնը, որ ամրապնդուած է դաժան ռազմական փորձութիւններով, երաշխիք  կը հանդիսանայ հայ-ռուսական ռազմավարական գործակցութեան եւ դաշնակցութեան հետագայ ամրապնդման համար` ի շահ մեր քաղաքացիներուն, Անդրկովկասի ու մեր ողջ տարածաշրջանին անվտանգութեան ու կայունութեան պահպանման համար», շեշտած է Լաւրով: