ՀՅԴ Հայաստանի եւ Արցախի ներկայացուցիչները` ի դէմս Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի նախագահ Արթուր Մոսիյեանի եւ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանին, 10 Նոյեմբերին հանդիպում  ունեցած են Հոլանտայի հայ համայնքին հետ:

Դաշնակցական ներկայացուցիչները ողջունած եւ կարեւոր համարած են Հոլանտայի հայ համայնքի տարած աշխատանքները Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ անդրադարձած են Հայաստանի ներքաղաքական եւ համահայկական նշանակութիւն ունեցող  շարք մը այլ հարցերու:

Հանդիպման ընթացքին ընդգծուած է նաեւ հայրենիք-սփիւռք միասնութեան եւ «Մէկ ազգ` մէկ հայրենիք» գաղափարի հրամայականը`ի խնդիր հայութեան իղձերու ու երազանքներու իրականացման: