Երեքշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2019-ի միջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանն ու Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան ցաւակցական այցելութիւն մը տուին Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեանին։

Սրբազան հօր կ՚ընկերակցէին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչներէ եւ ազգայիններէ կազմուած պատուիրակութիւն մը եւ Հայր Մանուկ Աբղ. Պրիխանեան։

Ներկաները իրենց վշտակցութիւնը յայտնեցին Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի ժողովրդապետ Տէր Յովսէփ Քհնյ. Պետոյեանի եւ անոր հօր ահաբեկիչներու կողմէ դաւադրաբար սպանուելուն համար եւ զօրակցութիւն յայտնեցին համայնքի զաւակներուն, միասնաբար դիմագրաւելու ներկայ դժուարութիւններն ու սպառնալիքները։

Յիշենք, որ երէկ երեկոյեան Սուրիոյ հայ երեք համայնքապետները յայտարարութիւն մը հրապարակեցին՝ խստիւ դատապարտելով մարդկային եւ կրօնական սկզբունքներուն հակասող ահաբեկչական այս արարքը, որուն զոհը գացին ժողովրդապետն ու իր հայրը։