«Արմէնփրէս».- Աշխատանքային այցելութեամբ Փարիզ գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ԻՒՆԵՍՔՕի կեդրոնատեղիին մէջ մասնակցեցաւ կազմակերպութեան 40-րդ Ընդհանուր ժողովին:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ վարչապետը անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ պետական կառավարման համակարգին, ինչպէս նաեւ կրթութեան ոլորտին մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն: Նիկոլ Փաշինեան կրթութեան որակի բարձրացումը նկատեց ռազմավարական խնդիր եւ յայտնեց, որ ոլորտին զարգացումը Հայաստանի կառավարութեան յատուկ ուշադրութեան արժանացած է: Վարչապետը ըսաւ, որ կրթութիւնը հասարակութեան համար ունի ռազմավարական նշանակութիւն եւ կառավարութեան խնդիրն է նորարարական ծրագիրներու միջոցով խթանել ոլորտի յառաջընթացը եւ բարելաւել ենթակառոյցները:

Այնուհետեւ վարչապետը հարցազրոյց մը ունեցաւ ԻՒՆԵՍՔՕի մամլոյ ծառայութեան հետ:

Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ ԻՒՆԵՍՔՕի ընդհանուր տնօրէն Օտրի Ազուլէի հետ: Վարչապետը կարեւոր նկատեց Հայաստանի կառավարութեան եւ ԻՒՆԵՍՔՕի միջեւ գործակցութիւնը եւ վերահաստատեց Հայաստանի աջակցութիւնը կազմակերպութեան կողմէ աշխարհի տարածքին իրականացուող մարդասիրական առաքելութիւններուն: Վարչապետը յայտնեց, թէ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ ԻՒՆԵՍՔՕի հետ կայուն գործակցութեան շարունակական ամրապնդումը եւ կազմակերպութեան հետեւողական ուշադրութիւնը տարածաշրջանին մէջ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ:

Վարչապետը ընդգծեց, որ Հայաստան յանձնառու է կրթութեան խթանման՝ իբրեւ հզօր գործիք երիտասարդ սերունդները խաղաղութեան, երկխօսութեան, մարդու իրաւունքներու, հանդուրժողականութեան եւ ոչ-խտրականութեան ոգիով դաստիարակելու առումով:

Ան աւելցուց, որ կառավարութիւնը ամբողջական աջակցութիւն կը յայտնէ Երեւանի պետական համալսարանին՝ Կրթութեան եւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման ԻՒՆԵՍՔՕի ամպիոն ստեղծելու առաջարկին՝ աւելցնելով, որ կրթութիւնը ցեղասպանութեան կանխարգիլման հզօր գործիք է:

Օտրի Ազուլէն շնորհակալութիւն յայտնեց Փաշինեանին՝ ԻՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր ժողովին մասնակցելուն համար եւ բարձր գնահատեց Հայաստանի ջանքերը՝ մշակութային հարուստ ժառանգութեան պահպանման իմաստով: Ան յայտնեց, որ իր գլխաւորած կառոյցը շահագրգռուած է զարգացնելու եւ ընդլայնելու Հայաստանի հետ փոխգործակցութիւնը՝ վերեւ նշուած ուղղութիւններով:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին ԻՒՆԵՍՔՕ-ի եւ Հայաստանի միջեւ գործակցութեան, կազմակերպութեան գործունէութեան նպատակներուն եւ ուղղութիւններուն մասին, անդրադարձան յատկապէս գիտութեան, կրթութեան  եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ոլորտներուն մէջ գործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն: