Ֆրանսիս պապը 12 Նոյեմբերին իր զօրակցութիւնը յայտնեց Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէ Համայնքին՝ Յովսէփ Քհնյ. Պետոյեանի եւ անոր հօր սպանութեան առիթով:

«Ես Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքի հայ կաթողիկէներուն կողքին եմ, երբ անոնք յուղարկաւորութիւնը կը կատարեն իրենց հովուապետին՝ հայր Յովսէփ Պետոյեանին, որ սպանուեցաւ Երկուշաբթի օր, իր հօր հետ: Ես կ՛աղօթեմ անոնց, անոնց ընտանիքներուն եւ Սուրիոյ բոլոր քրիստոնեաներուն համար», իր զօրակցական նամակին մէջ կը գրէր Ֆրանսիս պապը: