«Երկիր».- ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամներուն բողոքի նստացոյցը՝ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականին պահանջով, տակաւին կը շարունակուի։

Նախարարութեան շէնքին առջեւ կատարուած բաց նստացոյցէն բացի, Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունքի մօտէն եւս 12 Նոյեմբերին ընթացք առաւ ուսանողներու եւ ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան իրազեկման երթը: Ցուցարարները երեւանեան բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մօտէն անցան՝ կոչ ուղղելով միանալու իրենց: Այնուհետեւ անոնք միացան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մօտ նստացոյց կատարող երիտասարդներուն:

«Նիկոլ Փաշինեան խոր թիւրիմացութեան մէջ է եւ այս գործընթացին խորքային պատճառը չէ ըմբռնած, կամ առնուազն իրեն մակերեսային զեկոյց տրուած է», նախարարութեան շէնքին առջեւ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան՝ անդրադառնալով նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի պահանջին:

Ըստ անոր՝ ասիկա պայքար է ազգային եւ ապազգային երեւոյթներու միջեւ. «Երկրորդ, Նիկոլ Փաշինեան չի կրնար իրեն վերագրել նախարարութեան գործառոյթներ: Օրէնքը յստակօրէն կը սահմանէ, կառավարութեան անունով կրթական ոլորտի քաղաքականութիւնը կը վարէ ԿԳՄՍ Նախարարութիւնը: Օրէնքով յստակօրէն ձեւակերպուած է, թէ ի՛նչ քաղաքականութիւն պէտք է վարուի, այն, ինչ կ՛իրականացնէ այս նախարարութիւնը՝ նախարարին գլխաւորութեամբ, կը հակասէ օրէնքին: Այսինքն հակաօրինական ընթացքի մէջ է:

«Երրորդ, ակնյայտ է, որ Արայիկ Յարութիւնեան եւ իր խորհրդատուները, եւ եթէ վարչապետն ալ միանայ անոնց, նաեւ ինքը, ակնյայտօրէն կը փորձեն ապակողմնորոշել այս ընդվզումը, որ յառաջացաւ երիտասարդութեան շրջանակներուն կողմէ: Այո՛, ՀՅԴն հանդէս կու գայ ազգայինը պահպանելու դիրքերէն եւ պիտի կանգնի իւրաքանչիւր շարժման դէմ, որ ազգայինը դուրս մղելու գործողութիւն կ՛իրականացնէ», շեշտեց Արծուիկ Մինասեան:

Ան տեղեկացուց, որ ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան յայտարարութեան միացան 20-է աւելի երկիրներու երիտասարդներ. «Ասիկա կը խօսի այն մասին, որ հարցը համազգային դարձած է: Օտարածին օրակարգերուն սպասարկելու փոխարէն ժողովուրդին բացարձակ մեծամասնութիւնը վայելող իւրաքանչիւր իշխանութիւն պարտաւոր է ազգային դիմագիծը պահել: Սա իշխանութեան կռիւ չէ, այլ ազգայինը պահելու: Աշխարհի մէջ մրցակցող պիտի դառնան այն ազգերը, որոնք իրենց արմատներուն զուգակցաբար կը զարգանան: Եթէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ միշտ այդ դիրքերէն հանդէս եկած է, յանկարծ փոխէ իր դիրքորոշումը, ատիկա շատ վատ է ու կը նշանակէ, որ ան ժողովուրդին տուած քուէն չարաչար կ՛օգտագործէ», դիտել տուաւ Մինասեան։

ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անդամը նկատել տուաւ, որ Նիկոլ Փաշինեան փորձած է Արայիկ Յարութիւնեանի ապազգային վարքագիծը իր վրայ վերցնել. «Եթէ Նիկոլ Փաշինեան կը յայտարարէ, որ այս ապազգային օրակարգի տէրն ու հեղինակը ինք է, ուրեմն ինք էլ պէտք է հեռանայ: Բայց առայժմ կայ հնարաւորութիւն, որ այդ քաղաքականութիւնը փոխէ: Մենք չենք ուզեր այս մօտեցումով սեւ ու սպիտակի բաժնել հասարակութիւնը, բայց եթէ այդ մէկը դաշտ կը մղեն, պէտք է բացատրեն, թէ  իրենց հակազգային պահուածքը, թիրախը, ուղղորդումը ուրկէ կու գայ», դիտել տուաւ ան։