Չորեքշաբթի,13 Նոյեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Գամիշլիի հայ կաթողիկէ Ս. Յովսէփ եկեղեցւոյ մէջ, նահատակ ժողովրդապետ Տէր Յովսէփ Քահանայ Պետոյեանի թաղման կարգը տեղի ունեցաւ, որուն մասնակցեցան Ճեզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղյ. Եղիայեան, Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան եւ Գամիշլիի քրիստոնեայ համայնքապետները։
Ներկայ էին նաեւ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։
Հանգուցեալին դամբանականին ընդմէջէն վեր առնուեցան անոր մարդկային յատկանիշները, ազնիւ եւ բարի վարմունքն ու վայելած մեծ ժողովրդականութիւնը։
Այս առիթով խօսք առնող պետական պատասխանատուները նախ ցաւակցութիւն յայտնեցին հայ համայնքին, ապա շեշտեցին, որ բարբարոսական այս արարքին նպատակն է քայքայել Սուրիոյ ժողովուրդին միասնականութիւնը, սակայն Սուրիոյ ժողովուրդը պիտի շարունակէ միասնական ոգիով դէմ դնել իր դէմ հիւսուած բոլոր դաւերուն։