Երկուշաբթի, 11 Նոյմբեր 2019-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշար ալ Ասատ ռուսական «RT International World» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյց մը ունեցաւ, որուն ընթացքին յայտնեց, որ հակառակ Սու-րիոյ պատերազմի դաժան պայմաններուն, սուրիացիները կը շարունակեն նեցուկ կանգնիլ կառավարութեան: Այս իսկ պատճառով երկիրը 9 տարի տոկաց՝ դիմադրելով արեւմտեան պետութիւններուն ճնշումներուն:
Ասատ շեշտեց, որ անցնող տարիներուն Սուրիոյ կառավարութիւնը քիմիական զէնքեր օգտագործելու մեղադրանքը զրպարտութիւն էր: Ան որ հակառակ կարծիք ունի, պէտք է փաստեր ներկայացնէ այդ ուղղութեամբ: Ասատ յայտնեց, որ 2014-ին սուրիական քարիւղի ՏԱՀԵՇ-ին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ ապօրինի կերպով դուրս բերուեցաւ, այս գործընթացին նպաստեցին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանը եւ ԱՄՆ-ի վարչակազմը: Անոնք յաճախ կը փորձեն իւրացնել այլ երկիրներու հարստութիւնը:
Ասատ շեշտեց, որ Սուրիոյ թշնամին Իսրայէլն է, ան անմիջական կապ ունի զինեալ ահաբեկիչներուն հետ: Փաստօրէն «Ճապհաթ ալ Նուսրա» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ սուրիական բանակին արձանագրած իւրաքանչիւր յաղթանակի պարագային Իսրայէլ կը հրթիռակոծէր սուրիական բանակին կեդրոնները: Սա կը հաստատէ անոնց անմիջական կապը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի եւ ահաբեկիչներու գործողութիւններուն համադրուած ըլլալը:
Ասատ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ խօսք ունի ըսելիք Սուրիոյ մէջ զոհուած ռուս զինուորներու ընտանիքներուն եւ թէ. «Նախագահ Փութին ինչո՛ւ ռուսական զօրք ղրկեց Սուրիա, աջակցելո՞ւ Սուրիոյ նախագահին», պատասխանեց. «Սուրիոյ մէջ ոչ մէկը կը զոհուի անհատի մը համար: Մարդիկ կը զոհուին յանուն դատի մը՝ իրենց երկրին, ինքնութեան եւ ապագայի դատին: Հետեւաբար ինչպէ՞ս կարելի է ըսել, որ ուրիշ երկրէ զինուորներ կու գան զոհուելու, նախագահի մը համար: Տրամաբանական չէ, որ անձ մը ինքզինք զոհէ պարզապէս նախագահին հրամանին ենթակարկուելու համար: Խորքին մէջ Ռուսիա, համաձայն իր ղեկավարներու արտայայտութիւններուն, իր ազգային շահերն է որ կը պաշտպանէ այլազան միջոցներով:
Ռուս զինուորներ երբ ահաբեկչութեան դէմ կը պայքարին, Սուրիոյ մէջ թէ այլուր, իրականութեան մէջ Ռուսիոյ ժողովուրդը կը պաշտպանեն, որովհետեւ ահաբեկչութիւնը սահման չունի: Երկրորդ, անոնք ահաբեկչութեան դէմ պայքարելով միջազգային օրէնքը կը գործադրեն: Այլ խօսքով՝ միջազգային օրէնքը իրենց ազգային շահերու պաշտպանութեան կը ծառայեցնեն»: