Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Մշակոյթի Նախարարութեան, կազմակերպութեամբ Հալէպի Մշակութային Կեդրոնի Տնօրէնութեան, Հալէպի Մշակութային կեդրոնէն ներս 5, 6 եւ 7 Նոյեմբերին, երեք օրերու տեւողութեան տեղի ունեցաւ «Հայրենական Պատկանելիութիւն» ընդհանուր վերնագրով դասախօսաշարք մը:
Առաջին օրուան նիստերը նուիրուած էին «Հայրենական Ծրագրի Էութիւնը» եւ «Հայրենական Ինքնութիւն» նիւթերուն, երկրորդ օրուան նիստերը՝ «Քաղաքացիական Հասարակութիւն եւ Սուրիական Ընկերութեան Բազմազանութեան Կառավարում» , «Քաղաքացիութիւնը Եւ Անոր Կարեւորութիւնը Հայրենական Նախագիծին Համար» նիւթերուն, իսկ վերջին օրուան նիստերը «Պատկանելիութիւնը Քաղաքացիութեան Եւ Հայրենական Ծրագիրին Միջեւ» նիւթին:
Վերոյիշեալ դասախօսական շարքին իր մասնակցութիւնը բերաւ Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, որ Հինգշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2019-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, հանգամանալից կերպով ներկայացուց «Բազմազանութիւնը Եւ Անոր Ազդեցութիւնը Պատկանելիութեան Վրայ» նիւթը:
Պարոն երեսփոխանը շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք կազմակերպիչներուն դիտել տուաւ, որ մենք կը պատկանինք այն հողին, ուր ծնունդ առած ենք: Ան պարզապէս աշխարհագրական տարածք կամ ծննդավայր չէ եղած մեզի համար, այլ՝ հայրենիք մը, որուն ցաւերով, տագնապներով տառապած, յաղթանակներով հպարտացած ու ամրագրած ենք մեր ինքնութիւնը Սուրիոյ մէջ:
Րէիսեան անդրադարձաւ բազմազանութեան կարեւորութեան, յայտնելով որ. «Սուրիական ընկերութիւնը կը բաղկանայ զանազան բաղադրիչներէ, որոնք անդադար շփումի մէջ են իրենց ամէնօրեայ կեանքին ընթացքին, կ’ազդեն իրարու, կ’ազդուին իրարմէ եւ միասնաբար կը սատարեն սուրիական ընկերութեան զարգացման ու բազմազանութեան պահպանման»:
Րէիսեան եզրափակելով ըսաւ. «Գեղեցիկ, գունազարդ, ներդաշնակ ու համերաշխ ընկերութիւն մը ունենալու համար անհրաժեշտ է յարգել բոլորին իրաւունքները եւ դիմացինը ընդունիլ իր տարբերութիւններով, հեռանալ ծայրայեղութենէ եւ փոխադարձ անհանդուրժողութենէ: Միայն այսպիսով բազմազանութիւնը իր դրական արդիւնքները կ’ունենայ: Այս բոլորը կ’ամբողջանան երբ մէկս միւսը լիովին կը ճանչնայ: Բազմազանութիւնը կը հարստացնէ ու կը մշակէ մեր միջավայրը»:
Նիստերու աւարտին, բոլոր դասախօսները Մշակոյթի Նախարարութեան կողմէ ստացան յատուկ գնահատագիրներ: