Ազգովին հպարտ ենք, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբերու նախաձեռնութեամբ եւ ամերիկահայութեան բոլոր շերտերու եւ հատուածներու միասնական պայքարով ձեռք բերուած՝ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ամրագրող թիւ 296 բանաձեւին յաղթանակը վերանորոգման ուժեղ թափ տուաւ հայ քաղաքական միտքի համազգային զօրաշարժին:
Յատկապէս ի տես եւ ի լուր ամբողջ հայաշխարհը ինքնավստահութեամբ ջրդեղող ազգային-քաղաքական, պետական-հոգեւորական եւ քաղաքացիական-հասարակական զօրակցութեան ու պահանջատիրական խանդավառութեան վարակիչ ալիքին մակընթացութեան՝ հայ քաղաքական միտքը այսօր կոչուած է Հայ Դատի պահանջատիրութեան տալու ռազմավարական կիզակէտի անվիճելի կարեւորութիւն, համահայկական օրակարգի մերօրեայ յստակացման եւ հաստատագրման որոնումներու ընդհանուր ծիրին մէջ:
Խորքին մէջ նորովի հնչած է ժամը Հայ Դատի պետական պահանջատիրութեան մեծակշիռ օրակարգին մերօրեայ՝ նոր ժամանակներու ոգիով արծարծման:
Թիւ 296 բանաձեւի յաղթանակին առթիւ, հայոց պետական իրաւատիրութիւնը աշխարհով մէկ բարձրաձայն հնչեցնելու եւ նոր ժամանակներու ոգիով հունաւորելու առումով, վերանորոգման ուղի հարթեց New York Times-ի թղթակիցին հետ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի ունեցած հարցազրոյցը, ուր Հայաստանի պետութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը Թուրքիոյ Հանրապետութեան իր պաշտօնակիցին յորդորեց վերջ տալ ուրացման եւ ժխտողականութեան թուրք պետական վարքագիծին՝ ընդգծելով, որ «Ճանաչումն ոյժ է, այլ ոչ թուլութիւն»:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումով՝ «Թուրքիայի կողմից Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը միեւնոյն ժամանակ կը լինի ճանաչումն այն փաստի, որ այդ երկիրը հանդուրժող պետութիւն դառնալու ճանապարհին է: Այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ասել է ամերիկեան հեղինակաւոր The New York Times պարբերականի լրագրող Ռոժէր Կոհենին տուած հարցազրոյցում:
«Ճանաչումն այն փաստի, որ ինչ-որ բան սխալ ես արել հասարակ կեանքում, ընտանիքում, ընկերների հետ յարաբերութիւններում, ոյժ է: Դա թուլութեան նշան չի կարող համարուել», նշել է Արմէն Սարգսեանը՝ անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեանն ու այս հարցում Թուրքիայի ժխտողական քաղաքականութեանը»:
Ժամանակն է ըստ ամենայնի կարկինը լայն բանալու եւ լուսարձակի տակ առնելու Հայ Դատի գլխագիր պետական պահանջատիրութեան հին, բայց ոչ հինցած կամ մաշած թղթածրարը:
Ամբողջ տասնամեակներ, երբ Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը արգիլեալ գօտի հռչակուած էր խորհրդային կողմն հայաշխարհի եւ առաւելաբար սփիւռքեան ափերու վրայ կազմաւորուող հայոց նորահաս սերունդները ի վիճակի եղած էին, առաջին հերթին Դաշնակցութեան ներշնչումով, իրենց ազգային-քաղաքական ինքնաճանաչման ու ինքնահաստատման կիզակէտը գտնելու Հայ Դատի պահանջատիրութեան մէջ, հայ քաղաքական միտքը ակնդէտ սպասած էր հայրենի պետականութեան այսօրինակ պահանջատիրական զարթնումին:
Մեծ Եղեռնի յիսնամեակին շղթայազերծուած մեր հողերու պահանջատիրութեան հայրենական պոռթկումէն եւ անոր արձագանգող սփիւռքեան միասնական զօրաշարժէն ասդին, Հայ Դատի պայքարին օրակարգը յուզող ռազմավարական կարեւորագոյն խնդիրը եղաւ ու մնաց վերանորոգումն ու վերահաստատումը պետական Հայաստանի (թէկուզ խորհրդային վարչաձեւով) իրաւական տեղին ու դերին՝ իբրեւ պետական պահանջատէրը հայոց հայրենիքի եւ աշխարհացրիւ բեկորներու հողահաւաքի ու հայահաւաքի համազգային հանգանակին, որպէսզի պահանջատէր ողջ հայութիւնը՝ հայկական պետութեան յառաջապահ առաջնորդութեամբ, իր արժանի հարթակը վերագտնէ պետականատէր ազգերու եւ հայրենիքներու համաշխարհային մեծ ընտանիքէն ներս:
Խորհրդային Հայաստանը վերջին հաշուով ազատ չէր եւ չկրցաւ պետականօրէն իրաւատէր կանգնիլ Հայ Դատին: Կարիքը չկայ մինչեւ 1948-1949 թուականները ետ երթալու՝ յիշելու եւ յիշեցնելու համար, թէ Կարսն ու Արտահանը Հայաստանին վերադարձնելու կեղծ ու նենգ խորհրդային պահանջները ինչպիսի՜ հեգնական ու դաժան վախճան ունեցան ի վնաս Հայ Դատի պահանջատիրութեան:
Ոչ ալ կարիքը կայ վերաբանալու 1975-ի Մեծ Եղեռնի վաթսունամեակի սեմին հայ քաղաքական միտքի քաղաքական բոլոր թեւերուն, ներառեալ Լիբանանի Համայնավար կուսակցութեան Հայկական կազմակերպութեան միջեւ կնքուած Հայ Դատի Համահայկական պահանջատիրութեան ազգային-քաղաքական բանաձեւումին, որ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւեալ հայկական հողերը իրենց միակ իրաւատիրոջ՝ հայ ժողովուրդին վերադարձնելու քաղաքական տարազին շուրջ յառաջացուց ազգային միասնականութիւն: Ատենին, հայապատկան հողերը Խորհրդային Հայաստանին կցելու այսպէս կոչուած «հայրենասէր ճակատ»ի առաջադրանքը ոչ միայն անլուրջ երեխայամտութիւն կը նկատուէր Արեւմուտքին կողմէ, այլեւ կը խանգարէր նոյնինքն Խորհրդային Միութեան կողմէ Հայ Դատը Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց մէջ խորհրդային կայսերապետութեան ուժեղացման ծառայող սոսկական խաղաքարտի վերածելու Կրեմլի ռազմավարական հաշուարկներուն:
Պաղ պատերազմի «աւարտ»էն ետք ալ խորհրդային քաղաքականութիւնը չուզեց դոյզն զօրակցութիւնն անգամ ցուցաբերել Հայ Դատի պահանջատիրութեան, որ 1975-ին թեւակոխած էր Թուրքիոյ պետական արտասահմանեան ներկայացուցչութիւններուն դէմ ուժական պայքարի փուլը: Խորհրդային լուծի տակ ապրող հայութիւնը այդ փուլին անգամ զրկուեցաւ Հայ Դատի պետական պահանջատիրութեան մղում տալու որեւէ հնարաւորութենէ: Փոխարէնը՝ միշտ հետամուտ մնալով Հայաստանն ու հայութիւնը իբրեւ ազդեցութեան լծակի շահագործելու ռուսական ռազմավարութեան, խորհրդային քաղաքականութիւնը սփիւռքահայութեան ազգային եւ մշակութային իրաւունքներու պահապանի դերակատարութեան մղեց Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնները: Այդ վարքագիծին ամէնէն խօսուն դրսեւորումը հանդիսացաւ 1978-ին Լիբանան առաքումը Զօրի Բալայեանի, իբրեւ բանբերը հայրենի մտաւորականութեան եւ ժողովուրդի զօրակցութեան՝ Պիքֆայայի Նահատակաց յուշարձանին պայթեցման դէմ աշխարհասփիւռ հայութեան արտայայտած բողոքի ու դատապարտման ալիքին:
Հայ Դատի պետական պահանջատիրութենէն խուսափելու այդ վարքագիծը շարունակուեցաւ նաեւ խորհրդային կայսերապետութեան փլուզումէն ետք: Դարձեալ կարիքը չկայ մանրամասնելու, թէ ինչպէ՛ս վերանկախացեալ Հայաստանի իրարայաջորդ երեք նախագահներն ալ «փայլեցան»՝ Հայ Դատի հետապնդումը պետական պահանջատիրութեան հարթակին բարձրացնելու իրենց ազգային կոչումէն ու պարտաւորութենէն խուսափելու առումով:
– Լեւոն Տէր Պետրոսեան իր նշանակած արտաքին գործոց նախարարին պաշտօնազրկեց, երբ Րաֆֆի Յովհաննիսեան Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը արծարծեց:
– Ռոպերտ Քոչարեան թուրք յայտնի լրագրող Ալի Պիրանտին յայտարարեց, թէ Հայաստան հողային պահանջ չունի Թուրքիայէն:
– Սերժ Սարգսեանի ջատագոված ֆութպոլային դիւանագիտութեան ու հայ եւ թուրք հաշտութեան արձանագրութիւններուն մասին պարզ յիշատակումն իսկ շատ է…
Կարեւորը այն է, որ անցեալի դառն ու տխուր էջը սկսած է փակուիլ:
Նոր Հայաստանի իշխանութիւնները սկզբնական քայլեր կը նետեն արդէն՝ Հայ Դատի հետապնդումը պետական պահանջատիրութեան հարթակ բարձրացնելու ուղղութեամբ:
Հայաստանի նախագահը պետականատէր ազգի ու հայրենիքի դիրքէն խօսակից կը ներկայանայ Թուրքիոյ նախագահին՝ նոր ժամանակներու ոգիով կոչ ուղղելով, որ հայկական պահանջատիրութեան հետ հաշուի նստիլը ոչ թէ կը թուլացնէ Թուրքիոյ միջազգային դիրքերը, այլ կը զօրացնէ ներկայ դարու ոգիով միջազգային վարկ ու հեղինակութիւն հաստատելու Թուրքիոյ հնարաւորութիւնները:
Անկասկած քննարկման նիւթ է, որ Հայ Դատի պետական պահանջատիրութեան օրակարգը ի՛նչ լուծումներ պէտք է գտնէ իր դիմագրաւած ռազմավարական թէ մարտավարական ընտրանքներու հարցին:
Հայ Դատի պետական պահանջատիրութեան օրակարգը տակաւին նոր կը ձեւաւորուի եւ հայ քաղաքական միտքը երկար ճամբայ պէտք է կտրէ, որպէսզի համահայկական միասնական կարծիք բիւրեղանայ Հայ Դատի պայքարի յառաջիկայ փուլերուն՝ նշանակէտերուն եւ հիմնաւորումներուն շուրջ:
Բայց ինչպէս որ Ամերիկեան Քոնկրէսի թիւ 296 բանաձեւի յաղթանակին առթիւ դրսեւորուած համահայկական միասնութիւնը եւ անոր պաշտօնական՝ պետական հնչեղութիւն ապահոված ՀՀ նախագահին ու վարչապետին արձագանգները հաստատագրեցին, Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը տակաւ կ’ամրապնդէ կիզակէտի իր կարեւորութիւնը հայ քաղաքական միտքի մերօրեայ վերաթարմացման մէջ:
Կը նշանակէ, որ քաղաքական բանավէճի ամբողջ հորիզոն մը բացուած է հայ քաղաքական մտքի հոսանքներուն առջեւ, որպէսզի պետականատէր ազգի եւ հայրենիքի մեր կռուաններուն լիարժէք լարումով եւ զօրաշարժով թափ տրուի Հայ Դատի ՊԵՏԱԿԱՆ պահանջատիրութեան անփորձ յաղթարշաւին։
Նազարէթ Պէրպէրեան