Գամիշլիի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետին ու անոր հօր ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ սպանութիւնը անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանը կը մնայ անապահով, այնքան ատեն որ սուրիական բանակը իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ չէ առած զայն:
Շրջանին մէջ տեղակայուած ահաբեկչական տարբեր խմբաւորումներու գործունէութիւնը բաւարար է հասկնալու համար, որ նման խմբաւորումներ կամ զիրենք հովանաւորող կողմեր քաղաքական որեւէ օրակարգ կամ պատգամ տեղ հասցնելու համար պիտի օգտագործեն տեղւոյն փոքրամասնութիւններն ու անոնց սրբութիւնները, շրջանցելով կրօնական, մարդկային ամէն սկզբունք:
Սուրիական պատերազմի տարիները վկայեցին, որ որեւէ երկրի ժողովուրդին ապահովութեան հիմնական երաշխիքը կը հանդիսանան պետութիւնն ու երկրին օրինական բանակը:
Վերջին ամիսներուն, թրքական ուժերուն Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններ ներխուժումը, փաստօրէն, վերաշխուժացուց տեղւոյն ահաբեկչական խմբաւորումներուն գործունէութիւնը: Եթէ որոշ տեղեր կանգ առին բախումները, զանոնք փոխարինելու եկան խաղաղ ու անմեղ բնակչութիւնը թիրախ դարձնող ահաբեկչական արարքներ, ականապատուած ինքնաշարժներու պայթումներ եւ այլն:
Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ միայն փոքրամասնութիւններու ապահովութիւնը չէ որ վտանգուած է, այլ՝ ողջ բնակչութեան: Այն բնակչութեան, որ կ’ընդգրկէ տարբեր բաղադրիչներ: Բաղադրիչներ, որոնք Սուրիոյ պատերազմին նախորդող տարիներուն խաղաղ գոյակցութեամբ, գործակցութեամբ կը ծաղկեցնէին շրջանը, կը վանէին ամէն չարիք:
Ապահովական գօտի հաստատելու, ահաբեկչական խմբաւորումներ հալածելու, թէ այլ պատրուակներով ապօրինաբար Սուրիա թափանցած բոլոր ուժերուն դուրս բերումով, շրջանը սուրիական բանակին վերահսկողութեան տակ պահելով միայն կարելի պիտի ըլլայ ապահովութիւն հաստատել ու երաշխաւորել տեղւոյն եւ ողջ Սուրիոյ բնակչութեան ապահովութիւնը:
Միւս կողմէ, սուրիական գրաւուած հողերու վրայ վարչական կարգադրութիւններ կատարելու, եկեղեցի նորոգելու, տեղւոյն բնակչութեան սուրիական դիմագիծը անտեսելու թրքական կողմին քայլերը կը մնան մերժելի, որովհետեւ ապօրինի թափանցում մը արդարացնելու փորձեր են, որոնք ի գործ կը դրուին զուտ քարոզչական նպատակներով:
Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանի շարք մը քաղաքներ բռնագրաւուած տարածքներ են, անոնց օրինական տէրը Սուրիոյ պետութիւնն է, եւ վերջինս միայն իրաւունք ունի տիրութիւն ընելու իր երկրին ու ժողովուրդին:
«Գ.»