Վստահ եմ, որ բոլորս ալ ունինք մեր անձնական, գաղտնի, գողտրիկ ապաստանները, որոնց մասին ոչ ոք գիտէ։ Շատ հարազատ են անոնք, մեր սիրտերուն շա՜տ մօտ եւ անշուշտ ցոյց տալ չենք ուզեր զանոնք պատահական անցորդի մը, որ աննշան կ’անցնի մեր կեանքէն ու կը հեռանայ անվերադարձ։ Այդ ապաստանները մեզի ապաւէն կտուրներ են։ Կ’ապաւինինք անոնց որոշ օրերու, երբ կեանքը արտասովոր երեւոյթ մը կը ստանայ։
Այս ապաստանները ժամանակի ընթացքին մեզի հետ համընթաց կը հասուննան եւ կը կերպարանափոխուին։
Երբ պզտիկ էի, ինծի համար այդ ապաստանը մեծ մօրս տունն էր, որ նաւթալին կը բուրէր։ Այդ կտուրը երազային աշխարհ մըն էր, շաքարներու եւ տուրմերու հանրապետութիւն մը։ Հետագային երբ սկսաւ ամէն ինչ փոխուիլ, այդ կտուրը շաքարներէ եւ տուրմերէ շատ աւելի տարբեր իմաստ ստացաւ։ Դարձաւ ընտանեկան ճոխ հաւաքոյթներու, տօնական օրերու, յիշատակներու կտուր մը։ Այդ կտուրը դադրեցաւ միայն իմ ապաստանը ըլլալէ ու եղաւ բոլորին ապաստանը։ Իսկ ես, կորսնցնելով իմ գողտրիկ օթեւանը, սկսայ փնտռել այլ տարբերակ մը։ Որքան մեծցայ, այնքան հասկցայ, որ մեր ամէնէն խորհրդաւոր ապաստանը մե՛նք ենք։ Որքա՜ն մեծցայ, այնքան մեկուսացայ։ Այլեւս գրադարանս էր ապաստանս։
Գրադարան չունեցող տուներու մէջ անսովոր կը զգայի, քանի որ մեր տան մէջ հնարաւոր բոլոր պարապութիւնները գիրքերով լեցուն էին։ Իւրաքանչիւր գիրքով ձեռք բերի կտուր մը։ Ճի՛շդ խաչբառի մը նման, ամբողջացնելով հնարաւոր բոլոր պարապութիւնները։
Ժամանակի ընթացքին սկսայ նաեւ այդ ապաստաններուն միջեւ խտրութիւն դնել։ Բոլորը չէին կրնար գրաւել սիրտս։ Սկսայ մէկ առ մէկ հեռանալ որոշներէն ու կամաց-կամաց մօտենալ ուրիշներուն։ Ճի՛շդ բարեկամութեան նման, դասաւորելով բոլոր խառնիճաղանճը։
Այսօր, երբ տխուր, առանձին կամ անտրամադիր զգամ, իսկոյն կը դիմեմ գրադարանիս։ Կարծեմ ասոր ամենամեծ պատճառը գրադարանիս անձայն ըլլալն է՝ անձայն եւ լսող…
Վստահ եմ, բոլորս ալ ունինք մեր տխուր, առանձին, անտրամադիր օրերը, որոնց մասին ոչ ոք գիտէ։ Շատ հարազատ են անոնք, մեր սիրտերուն շա՜տ մօտ։ Այսօր այդպէս օր մըն է եւ ես նորէ՛ն գրադարանիս դիմացն եմ։ Ճերմակ գիրք մը կայ հոն, աչք կը թարթէ։ Կ’առնեմ։ Կը բանամ պատահական էջ մը ու կը կարդամ։
«Երբ գրել փորձեմ
Միտքս կ’իյնայ «լոյս» բառը նախ
յետոյ «կատու»ն –
կը խորհիմ
– ինչ կապ կայ երկուքին միջեւ-
ու կը գրեմ
– կատուն լոյսը կերաւ-
– սենեակը մնաց մութին մէջ-»
Սիրտս կը լուսաւորուի։ Ապաստանս երբեք չի հիասթափեցներ զիս։ Կը ժպտիմ։ Սենեակը մութ է, իսկ սիրտս՝ պայծառ։
Շնորհակալ եմ, Զահրա՛տ։
Սարին Ագպաշ