Շատ կարեւոր է գիտնալ, թէ ի՛նչ պայմաններու մէջ կը գտնուէր Եագուպիէի հայ գաղութը, երբ հիմնուեցաւ այս միութիւնը։
1963-ին, գիւղի մնայուն քահանան՝ Տէր Ներսէս Թաթարեանը, կը փոխադրուի Հալէպ ու գիւղը կը զրկուի մնայուն քահանայէ։ Գիւղին երկու եկեղեցիները փակ կը մնան։ Այս վիճակը կը տեւէ մինչեւ 1978, երբ քահանայ կը ձեռնադրուի Մելգոնեան Կրթական հաստատութեան շրջանաւարտ, եագուպիէցի վաստակաւոր ուսուցիչ Ասատուր Զէնեան, կոչուելով՝ Տէր Բաբգէն քահանայ, ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Սուրէն Սրբազան Արք. Գաթարոյեանի։
Եագուպիէի Հայրենակցական Միութիւնը Տէր Հօրը կ’ապահովէ բնակարան մը։
1970-էն սկսեալ Ազգային Վերածնունդ վարժարանի պիւտճէն տարուէ տարի կ’աւելնայ։ Երբ նիւթական աղբիւրները կը նուազին, դպրոցը կը կանգնի անելի առջեւ եւ անոր գոյութեան կը սպառնայ լուրջ վտանգ, այսինքն կը խախտին ազգապահպանութեան անխախտ սիւները։
Այս իրավիճակը կը մտահոգէ տոքթ. Աբրահամ Քասսիսը, որ ազգասիրութիւն եւ բարեսիրութիւն ժառանգած եւ իր բնակավայրը պաշտող Սմբատ աղա Քասսիսէն։ Ան Եագուպիէի ազգայիններէն, իւրաքանչիւր ընտանիքէ մէկ անձ իր տունը կը հրաւիրէ։ Ներկաներուն կը ներկայացնէ իր մտահոգութիւնները եւ գիւղին սպառնացող վտանգները, յիշեցնելով մոռացութեան տրուած մօտիկ անցեալի դաւանափոխութիւնը, ու կ’առաջարկէ միութիւն մը հիմնել։ Բոլորը համաձայն կը գտնուին եւ այսպիսով կը կազմուի Եագուպիէի Հայրենակցական Միութիւնը, որուն առաջին ատենապետը միաձայնութեամբ կ’ընտրուի տոքթ. Աբրահամ Երէցեանը (Քասսիս)։ Ան պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 1981 թուական։ Նոյն թուականին Միութեան երկրորդ ատենապետ կ’ընտրուի ուսուցիչ Աբրահամ Երէցեանը, որ այս պատասխանատուութիւնը կը շարունակէ մինչեւ օրս։
Հոս այսքանը գրելով կը բաւականանամ, խնդրելով մեր բարեկամներէն եւ անդամներէն, որոնք կ’ուզեն մանրամասնութիւններ գիտնալ միութեան աշխատանքներուն մասին, կարդալ տոքթ. Աբրահամ Երէցեանի հեղինակած «Եագուպիէն Երէկ եւ Այսօր» թանկարժէք գիրքը, որ լոյս տեսած է հայերէնով եւ արաբերէնով։
Աբրահամ Ա. Երէցեան