ԲՐԳՆԻԿԷՆ ՊՈԼԻՍ՝ ՄԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

   Դանիէլ Վարուժան, ընտանեկան մականունով՝ Չպուքքեարեան, Սեբաստիոյ զաւակ է, Բրգնիկ գիւղէն։

   Սեբաստիա՜…։

   Այլոց համար՝ Սվազ, մեզի համար՝ հայաստանամերձ երբեմնի հայաբոյր ոստան մը, որ կարեւոր տեղ գրաւած է մեր ազգային, մշակութային ու հոգեւոր ապրումներուն մէջ։ Իր Ս. Նշան պատմական վանքով, Հողդարի բարձունքով, Ալիս գետով ու մանաւանդ հոն ծնած նշանաւոր դէմքերով՝ Սեբաստիան սիրելի անուն է ամէն գիտակից հայու համար։ Հոնկէ կու գան Մխիթար Սեբաստացի աբբահայրն ու Ս. Էջմիածնի Միքայէլ Սեբաստացի կաթողիկոսը (ԺԶ. դար), տոքթ. Նազարէթ Տաղաւարեանն ու Կարապետ Գաբիկեանը, Առաքել Պատրիկն ու հայդուկապետ Սեբաստացի Մուրատը, դրամագէտ Զարեհ Պտուկեանն ու գեղանկարիչ Ռիշար Ժերանեանը…։ Եւ անշուշտ՝ Դանիէլ Վարուժանը։

   Բոլոր անոնք, որոնք Վարուժանի կենսագրութիւնը ուզած են գրել, միշտ ու միշտ օգտուած են այն մէկ էջնոց ինքնակենսագրութենէն, զոր բանաստեղծը հրատարակած է Թէոդիկի «Ամէնուն Տարեցոյցը»ի 1909-ի հատորին մէջ։

   Ես այլեւս գրեթէ գոց գիտեմ այդ ինքնակենսագրութեան առաջին քանի մը տողերը.

   – Ծնած եմ 1884-ին Սեբաստիոյ մօտ Բրգնիկ գիւղը՝ ուր աճած է մանկութիւնսուռենիներուն տխուր հովանիներուն տակ երազկոտկամ գետեզերքներուն վրայ բադերուն քար նետելով անառակօրէն։

   Այո՛, թաղեցի անառակ տղոց հետ միասին՝ քար նետել գետեզերքին թափառող երկչոտ բադերուն վրայ…։

   Շարունակութեան մէջ եւս չեն պակսիր ինքնատիպ տողեր։ Վարուժան կը յիշատակէ իր մայրը, որ «ձմեռնային երկար իրիկունները թոնրատունը նստած՝ երեւակայութիւնս օրօրած է ենիչէրիներու եւ գայլերու պատմութիւններով»։

   Գիւղին խեղճուկ դպրոցին մէջ, մինչեւ 12 տարեկանը, փոքրիկն Դանիէլ հազիւ ժամագիրք մը կարդալ սորվեցաւ։ Ու երբ համիտեան կոտորածներու ալիքը Սեբաստիա հասաւ 1896-ին, մայրը փութաց զինք Պոլիս փախցնել, հօրը քով, որ աշխատանքի բերումով օսմանեան մայրաքաղաքը հաստատուեր էր քանի մը տարիէ իվեր։ Հոս, ցնցում մը կը սպասէր սակայն պատանի Դանիէլին։ Ան իր հայրը պիտի գտնէր բանտախուցի մը ճաղերուն ետին՝ «ստօրէն ամբաստանուած»։ Այս մասին, հետագային, գրի պիտի առնէր եղերաշունչ քերթուած մըն ալ՝ «Հօրս Բանտին Մէջ»։

   Հէ՜ք Գրիգոր Չպուքքեարեան։ Ան ալ մէկն էր այն բազմաթիւ գաւառացի հայորդիներէն, որոնք պատառ մը հացի կարօտ՝ կը պանդխտէին դէպի Պոլիս ու ամբողջ կեանք մը կը սպառէին անոր մութ խաներուն պատերուն տակ, իրենց ընտանիքէն ու օճախէն հեռու…։ Վարուժան ականատես եղած է անոնց տարապայման աշխատանքին, քանի որ, ինչպէս ինք իսկ կը գրէ իր վերոնշեալ ինքնակենսագրութեան մէջ, «արձակուրդներս ընդհանրապէս անցած են հօրս քով, Խավեար խանը, հայ պանդուխտներու հառաչներուն եւ վէրքերու տրոփիւնին ունկնդիր»։ Ու յուզիչ քերթուածով մըն ալ իր համակրանքը յայտնած է անոնց նկատմամբ.

Ստուերին մէջ, խանի մ՛անկիւնը լքուած՝

Թշուա՜ռ պանդուխտ, հիւանդ է.

Խոնաւութիւնն անոր մարմինը շիթ-շիթ

Գերեզմանին կը նետէ։

 

Ան իր արիւնն իր քրտինքով կը շահէր

Տէ՜ր, ի՞նչ սրտով կը կոտրես

Թեւն՝ որուն վրայ կը կռթընին մանուկներ

Եւ ծնողներ ձիւնագէս։

   Բարեբախտաբար, Պոլսոյ մէջ շատ պարարտ հողի մը վրայ կոխեց Վարուժան։

   Ամբողջ վեց տարի, 1896–1902, բախտն ունեցաւ ուսանելու Մխիթարեան հայրերու շունչին տակ։ Նախ երկու տարի՝ Սագըզ Աղաճի (Բերա) Մխիթարեան վարժարանը, յետոյ ալ չորս տարի՝ նոյն միաբանութեան Գատըգիւղի վարժարանը (Պոլսոյ ասիական ափ)։ Այս երկու դպրոցները թրծեցին Վարուժանի պատանի հոգին, դարձան այդ հոգիին առաջին խանձարուրը։ Հո՛ս է որ մուսաները առաջին անգամ եկան հպիլ իր ճակտին։

   Եւ այստեղ, մեր դիմաց կը յայտնուի անուն մը, զոր անպայման կարեւորութեամբ պէտք է յիշել,– Հ. Արիստակէս վրդ. Գասգանտիլեանը (1853–1942)։

   Գատըգիւղի (Քաղկեդոն) Մխիթարեան վարժարանի մեծաւորն ու տեսուչն էր ան։ Ծնունդով՝ տրապիզոնցի, բարեհամբոյր դաստիարակի մը համբաւը վայելեց միշտ։ Թարգմանութեանց ճամբով՝ համեստ վաստակ մը ունեցաւ նաեւ մեր մանկապատանեկան գրականութեան մէջ։ Կ’ըսուի, թէ շատ անոյշ ու տպաւորիչ էին հայերէնի իր դասապահերը, նաեւ՝ օգտաշահ, քանի որ ան կը յաջողէր մի՛շտ կայծ մը դնել իր աշակերտներուն հոգիին մէջ ա՛յն գրողներէն՝ որոնցմէ ընթերցումներ կը կատարէր։

   Այնպէս կը թուի, թէ Մխիթարեան այս վարդապետը իր աշակերտները առինքնող խօսելաոճ մը ունեցեր է։ Այս մասին կը վկայէ «Բազմավէպ»ն ալ, գրելով.«Թէ՛ քերթուած, թէ՛ արձակ՝ անոր շունչին ու շեշտին տակ անհամեմատ կորով ու վսեմութիւն մը կ’առնու։ Տող մը գրութիւն իսկ լսել իրմէ՝ կարծես պիտի նմանի կրակի մը, որ կը հրդեհէ անտառը. կարկաչահոս առուակի մը մեղմօրօր ձայնին քով պիտի լսես յանկարծ բարկաճայթ ամպերու գոռմունքը։ Ահա այսքան ազդեցիկ է անոր հայկական առոգանութիւնը, զոր ան կը լսեցնէ սրտալիր ու սրտագոչ, նոյնիսկ իր ընտանի խօսուածքին եւ արտայայտութեանց մէջ» (Յունիս, 1924)։

   Վարուժան յաճախ երախտագիտութեամբ խօսած է իր այս ուսուցչին մասին, նշելով որ իր գրական առաջին քայլերուն մէջ շատ բան կը պարտի անոր։

   Վարուժանի հայերէնի ուսուցիչներէն ո՛չ մէկը այնքան դրական ու բարերար ազդեցութիւն թողած է իր վրայ, որքան Հ. Գասգանտիլեանը։ Ա՛ն է որ ձրի դպրոց կ’ընդունի զինք, կը սկսի խմորել իր հոգին, կը սրբագրէ իր քերթողական նախափորձերը, գեղեցիկին ճաշակը կը ներարկէ իրեն, հետագայ տարիներուն ալ նամակագրական սիրալիր կապեր կը պահպանէ իր հետ։

   Արդարեւ, քիչեր գիտեն, որ պատանի Վարուժանի կողմէ գրի առնուած առաջին բանաստեղծութիւնները ժողովածուի մը մէջ մէկտեղուեցան ու խմբագրուեցան նոյնինքն Հ. Արիստակէսին կողմէ, 1902-ին։

   Դեռ Դանիէլ աշակերտ էր Գատըգիւղի դպրոցը, երբ տեսուչ վարդապետը հրատարակութեան պատրաստեց իր խոստմնալից աշակերտին առաջին թոթովանքները, կարճ նախաբան մըն ալ գրեց անոնց համար, նոյնիսկ ապահովեց Պոլսոյ գրաքննչական գրասենեակին հարկաւոր թոյլտուութիւնը՝ գրքին տպագրութեան համար։ Գիրքը կը կոչուէր «Ծաղկեփունջ Կամ Բրգնիկցիի Մը Նուագները»։

   Վարուժանի քերթողական երախայրիքը դառնալու կոչուած այս ժողովածուն լոյս չտեսաւ սակայն, որովհետեւ մեր բանաստեղծը շուտով Վենետիկ մեկնեցաւ…։

ՎԵՆԵՏԻԿ . ՄՈՒՐԱՏ-ՌԱՓԱՅԷԼԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ

   Վենետի՜կ…։

   Ջրանցքերու եւ կոնտոլներու քաղաքը։ Վերածնունդի շրջանի գեղանկարիչներու եւ արուեստագէտներու նախասիրած երազային ոստանը։

   Վենետիկեան բնութիւնը, ինքնին, շատ բան կրնար աճեցնել հոնկէ անցնող արուեստագէտ կամ արուեստասէր մարդոց հոգիին մէջ։

   Պոլսէն հոն հասնող 18 տարեկան մատղաշ երիտասարդ մը, որ Վարուժանն էր, կրնա՞ր չազդուիլ Վենետիկի բարերար հովերէն, կրնա՞ր անտարբեր մնալ ԺԶ. դարու պարծանքն եղող Թիցիանոյի կամ Թինթորէթթոյի վառ գոյներուն դիմաց…։

   Բայց Վենետիկը ունէր իր հայկական վսեմ խորհրդանիշերն ալ։

   Ամէն բանէ առաջ կար Ս. Ղազար կղզին, օրրանը Մխիթարեան Միաբանութեան։

   Յետոյ կար այդ միաբանութեան տիտան դէմքին՝ Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի, հմայքը։ Ճիշդ է որ Վարուժան երբ Վենետիկ հասաւ 1902-ին, Ալիշան արդէն վախճանած էր տարի մը առաջ։ Բայց «Հայոց Նահապետ»ին հմայքին տակ էր տակաւին Ս. Ղազարը։ Եւ Վարուժան ոտքը հազիւ կղզի դրած՝ վազեց Ալիշանի շիրիմին ու գրի առաւ հոնկէ ներշնչուած սիրուն քերթուած մը, որ աւելի ուշ տպուեցաւ «Բազմավէպ»ի մէջ։

   Ու վերջապէս, կար Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանը, հիմնուած 1836-ին, ուր կու գար Վարուժան՝ համալրելու իր հայկական ուսումը։

   Այդ օրերուն երազ մըն ալ ա՛յս էր,– Մուրատ-Ռափայէլեանի մէջ ուսանելու պատիւը, որ քիչերուն կը վիճակուէր։ Վարուժան մէկն եղաւ այդ բախտաւորներէն, շնորհիւ դա՛րձեալ Հ. Արիստակէս Գասգանտիլեանի, որ կարգաւորեց իր ուղեւորութիւնը Վենետիկ, վարժարանի տեսչութեան յղելով նամակ մըն ալ, ուր յանձնարարականներ կային նորեկ սանին վերաբերեալ.«Նոր Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան մը կը ղրկեմ ձեզի։ Լա՛ւ նայեցէք իրեն»։

   Թէոդիկի տարեցոյցին մէջ տպուած վերոյիշեալ ինքնակենսագրութեան մէջ՝ Վարուժան կը գրէր.«Մուրատ-Ռափայէլեանի մէջ է որ ճանչցած եմ յեղափոխութեան ոգին, կարդալով Ժ.Ժ. Ռուսօն, Թոլստօն եւ ՛՛Դրօշակ՛՛ը՝ հազարումէկ դժուարութեամբ»։

   Ուշադիր՝ վերջին բառերուն.- Ժընեւ տպագրուող «Դրօշակ»ը կը կարդացուէր «հազարումէկ դժուարութեամբ»։ Սա կը նշանակէ, որ յեղափոխաշունչ այդ պարբերականին մուտքը Հայ-Վենետի ուսանողական ու վանական շրջանակներէն ներս ցանկալի չէր եղած…։ Այս մասին շահեկան տեղեկութիւններ կու տայ  Մուրատ-Ռափայէլեանի այդ շրջանի ուսումնապետը՝ Հ. Սիմոն Երեմեան, գրելով.

    Վարժարանին հին պահպանողական նահապետական կացութիւնը յեղաշրջուած էր։ Յեղափոխական զարթօնքը զգալի կ’ըլլար. վիպասան Պռօշեանի զաւակը հոն էր, դաշնակցական նոր սերունդ մը կը խմորուէր։ Վարուժանը պարագլուխ կ’ըլլար յեղափոխական ընկերներուն, որոնք սակաւաթիւ չէին. անոնք գաղտնի կը կարդային «Դրօշակ» եւ «Pro Armenia»։ Գաւառացիներէն ամէնէն աւելի երզնկացի աշակերտները վառօդ կը դնէին Վարուժանի բռնկած խառնարանին մէջ («Հայրենիք» ամսագիր, Պոսթըն, 1927, թիւ 5)։

   Իր նամակներէն գիտենք, որ Վարուժան հետագային որոշ վերապահումներ ունեցաւ Մուրատ-Ռափայէլեանի կարգ մը վարդապետ ուսուցիչներուն նկատմամբ, որովհետեւ միշտ չէ, որ անոնց մօտ գտաւ ակնկալուած  հայրական վերաբերմունքը։ Երբեմն խստօրէն բարկացաւ անոնց եւ նոյնիսկ համարձակեցաւ անգամ մը անձնական նամակի մը մէջ գրել, թէ «քահանաներուն խօսքը կրօնքին ռեքլամն է։ Իրենց խօսքը քաղցր է իրենց աղօթքին պէս, բայց իրենց սիրտը սեւ է իրենց գդակին պէս» (Թէոդիկի ուղղեալ նամակ, Մարտ 1909)։

   Վենետիկը սակայն հասունցուց արուեստագէտն ու հայագէտը Վարուժանի մէջ։

   Վարուժան Վենետիկ մնաց երեք տարի, 1902–1905։ Եթէ այս երեք տարիները գումարենք Պոլսոյ Մխիթարեան զոյգ վարժարաններուն մէջ իր ուսումնառութեան վեց տարիներուն վրայ՝ կ’ունենանք ինը տարուան զուտ Մխիթարեան դաստիարակութիւն մը։

   Ասիկա էական փուլ մըն է Վարուժանի կենսագրութեան մէջ, մանաւանդ որ այդ ինը տարիները բանաստեղծին գիտակցական կարճատեւ կեանքին երկու երրորդը կը կազմեն…։

   Ուստի, հարցումը անհրաժեշտ է.– Մխիթարեանները ի՞նչ տուին Վարուժանին։

   Ամէն բանէ առաջ, պատանի Դանիէլ Չպուքքեարեան եթէ իր հոգին ընդունակ դարձուց գեղեցկութիւններու հիւթը ծծելու՝ ատիկա ի սկզբանէ կը պարտի Մխիթարեաններուն։

   Յետոյ, Վարուժանի հայու բաբախող տաք սիրտն ալ Մխիթարեաններու ձեռակերտն է։ Նամակի մը մէջ, ան Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանը կը համարէր իր հայրենիքին պանդուխտ մէկ մասնիկը, ուր «ազգի մը ապագան կը կռանուի, ուր որբերը հայր կը գտնեն, աղքատները՝ հաց, եւ ամէնը միասին՝ Լոյսը»։

   Իր միտքն ու գրական ձիրքերը եւս մեծապէս նպաստաւորուեցան Մխիթարեաններէն կամ անոնց ստեղծած մթնոլորտէն։ Վարուժան մոլի ընթերցող մը դարձաւ Վենետիկի մէջ։ Իր դասընկերը՝ Ճիզմէճեան, կը վկայէ.«Սկիզբները միշտ ձեռքը կը տեսնէի Վիկտոր Հիւկոյի բանաստեղծութիւնները։ Երբեմն Լամարթին։ Ունէինք Ռասինի եւ Քոռնէյլի թատերական գործերը։ Իտալերէն կը կարդար Քարտուչի, Փասքոլի։ Մասնաւոր համակրութիւն մը ունէր Ատա Նեկրիի հանդէպ»։

   Հո՛ն, Վենետիկի մէջ է, որ Վարուժան իւրացուց գրաբարը եւ անոր ճոխ բառամթերքը։ Հո՛ն է որ թղթատեց ու սերտեց Մխիթար աբբահօր մէկուկէս դար առաջ հրատարակուած «Հայկազեան Բառգիրք»ը եւ ըմպեց անոր գանձերէն, կայծեր առաւ Հ. Արսէն Բագրատունիի դասական գրաբար լեզուէն ու դիւցազնական ոճէն, յետոյ ալ օգտուելով դպրոցին հարուստ գրադարանէն՝ իրենց բնագրէն սկսաւ կարդալ հայ հին մատենագիրները։ Միշտ մասնաւոր համակրանք մը տածեց դէպի Ալիշանը, Աբովեանն ու ՐաՖՖին։ Ս. Ղազարու հայրերը իր առջեւ բացին նաեւ «Բազմավէպ»ի ու «Գեղունի»ի էջերը («Գեղունի»ի 1905-ի թիւին մէջ հիւրընկալուած է Վարուժանի ամբողջ «Սարսուռներ»ը, Հ. Սիմոն Երեմեանի հոգածութեամբ)։ Ի մի բան, իր լեզուական սքանչելի պաշարով՝ Վարուժան յայտնուեցաւ իբրեւ լաւագոյն ձեռնասուններէն մին վենետիկեան Մխիթարեաններուն։

   Շռայլաբանութեան զոհ գացած կ’ըլլանք, եթէ պնդենք, թէ առանց Մխիթարեաններուն՝ հայ գրականութիւնը զրկուած պիտի մնար Վարուժանէն։ Ո՛չ։ Տաղանդը ընդհանրապէս բնածին է եւ ծիլ կու տայ ո՛ւր ալ գտնուի, կայծը կը բռնկի ո՛ւր ալ նետես…։

   Բայց անշուշտ որ Վարուժան շա՛տ բան կը պարտի Մխիթարեաններուն, ու ամէնէն առաջ՝ անոնց կը պարտի իր շքեղ հայերէնը։

   Վերջապէս, չմոռնանք նաեւ, որ բանաստեղծը իր առջինեկ գիրքին տպագրութիւնը վստահեցաւ Մխիթարեաններուն։ «Սարսուռներ» հատորը տպուեցաւ Վենետիկ, 1906-ին, երբ ինք տարիէ մը իվեր ուսանող էր Կանտի համալսարանը (Պելճիքա)։ Այսպիսով, նուիրականացաւ նաեւ ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ գրչանունը, որ թէեւ նախապէս երեւցեր էր վենետիկեան «Բազմավէպ»ի ու «Գեղունի» հանդէսի էջերուն վրայ, սակայն առաջին անգամն է որ կը դրասանգուէր գիրքի մը ճակատին …։

(Շարունակելի – 2)
Լեւոն Շառոյեան