«Ասպարէզ».- Լաս Վեկասի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ վերջերս հանդիպումներ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ Նեւատայէն երկու ներկայացուցիչներու նահանգային գրասենեակներու պատասխանատուներուն հետ՝ քննարկելով յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւին անոնց զօրակցութիւնը ապահովելու հարցը։
Լաս Վեկասի Հայ Դատի Յանձնախումբի համաատենապետ Հերա Արմէնեան կը յայտնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանչումէն ետք, բնական է, որ ներկայիս ջանքերը կեդրոնանան Ծերակոյտին կողմէ եւս նման բանաձեւ մը հաստատելու ջանքերուն վրայ։
Ծերակուտականներ Քեթրին Քորթեզ Մասթոյի եւ Ճեքի Ռոզընի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներուն մասնակցեցան Լաս Վեկասի Հայ Դատի Յանձնախումբի համաատենապետներ՝ իրաւաբաններ Հերա Արմէնեան եւ Լենա Յովհաննէսեան, համայնքային գործիչ դոկտ. Ռաֆայէլ Յովհաննէսեան եւ Լաս Վեկասի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Էնտի Արմէնեան։
Քննարկումներուն ընթացքին շեշտուեցաւ թիւ 150 բանաձեւը հաստատելու կարեւորութիւնը, զայն նկատելով արդարութեան հասնելու հայութեան ջանքերուն առաջնորդող կենսական քայլ մը, որ պիտի նպաստէ նաեւ Թուրքիոյ կողմէ փոքրամասնութեանց դէմ ի գործ դրուող վատ վերաբերմունքը բարելաւելու արշաւին եւ վերջ մը պիտի դնէ Անգարայի ուրացման արշաւին ամերիկացիներու մեղսակցութեան։