«Երկիր».-Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան, ելոյթ ունենալով շաբաթական ճեպազրոյցի ընթացքին, ցաւակցութիւն յայտնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքի հայկական համայնքի հայ հոգեւորականին եւ անոր հօր սպանութեան առնչութեամբ:
«Մենք անկեղծօրէն ցաւակցութիւն կը յայտնենք զոհերու հարազատներուն եւ Սուրիոյ հայ համայնքին», Rusarminfo-ի հաղորդումով ըսած է Զախարովան` անդրադառնալով Սուրիոյ հիւսիսը հաստատուած հրադադարին եւ ստեղծուած իրավիճակին:
Ան դիտել տուած է, որ Սուրիոյ կառավարութեան վերահսկողութեան տակ չգտնուող տարածքներուն մէջ քրիստոնեաներու հանդէպ բռնութեան եւ ահաբեկչութեան գործողութիւնները վրդովմունք կը յառաջացնեն: