ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան Tert.am-ին հետ զրոյցի ընթացքին անդրադառնալով Ազգային Ժողովի ամպիոնէն Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, որ ծանրամարտիկ Մելինէ Դալուզեանի մասին պատմող ֆիլմի քննադատներուն կը վերաբերէր, յայտնեց, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կրկին կը քողարկէ հարցի էութիւնը, այս պայքարը միայն ֆիլմի համար չէ, հարցը աւելի ընդհանուր է` ազգային արժէքներու պահպանում, ազգային քաղաքականութիւն վարելու անհրաժեշտութիւն, մինչեռ ան կը քողարկէ եւ անձնակա ի կը վերածէ հարցը։ Մենք եւ Դաշնակցութեան երիտասարդները Մելինէ Դալուզեանին հետ հարց չունինք:
Ֆիլմի նկարահանման համար Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնամարզութեան Նախարարութիւնը տրամադրած է 20 մլն. դրամ, սա կը քննադատէ ՀՅԴ-ն:
«Մենք կ’ըսենք` իշխանութիւնները պետութեան պիւտճէով պէտք չէ խրախուսուին, տնտեսաւորուին, աջակցին սեռափոխուած մարդու մասին ֆիլմի նկարահանումին: Սա մեր երիտասարդներու պահանջն է: Անձ հալածելու նպատակ չունինք։ Ո՛չ հալածանքի կոչ ուղղած ենք, ոչ ալ կ’ընենք: Մենք կ’ըսենք` մեր պետութիւնը ունի բազմաթիւ հարցեր, ունինք արժանի հերոսներ, որոնք եւ՛ ֆիլմի, եւ՛ գովասանքի, եւ խրախուսանքի կարիք ունին, դուք այդ մարդոց ձգած էք եւ պետութեան պիւտճէով կը տնտեսաւորէք սեռափոխուած մէկը: Խարանը այս կէտն է, ոչ թէ, այն որ պետութիւնը պէտք չէ ֆինանսաւորեր», ըսաւ ան:
Վարչապետը յայտարարեց, որ քննադատները լափամանէն զրկուածներն են, արդեօ՞ք նկատի ունէր Դաշնակցութեան, հարցուց զրուցավարը։ Սաղաթէլեան պատասխանեց. «Արդէն կը յոգնեցնեն այս յայտարարութիւններով: Բան մը ունին ըսելու, թող որոշակիօրէն ըսեն, անոր հասցէատէրը մենք չենք, անոր համար չենք ուզեր իջնել այդ հարթութեան եւ պատասխանել: Մէկ տարի շարունակ ամէն տեսակի հարց, որ կ’ուզենք բովանդակային քննարկումի պարունակին մէջ բերել, անոր պատասխանը կ’ըլլայ` լափաման, թալան, փռեմ ասֆալտին, ծեփեմ յատակին … յոգնեցանք այս յանկերգէն, արդէն լուրջ չէ այս ամէն ինչը: Թող հասցէականօրէն ըսեն եւ հաստատ պատասխանը կը ստանան»։