Հինգշաբթի, 14 Նոյեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Մասիս Սրբ․ Եպս․ Զօպուեան յատուկ պատուիրակութեամբ ժամանեց Թարթուս։ Սրբազան հօր ընկերակցեցան Ազգ․ Վարչութեան ժողովի անդամներ ատենապետ Յարութ Քիլիսլեան, ատենադպրուհի Հուրի Ապահունի-Պօշկէզէնեան եւ Կրօնական ժողովի անդամ Խորէն Քհնյ․ Պէրթիզլեան։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պաշտօնապէս դիմաւորուեցաւ շրջանի Հայ Կեդրոնին մէջ, Լաթաքիոյ եւ Թարթուսի հոգեւոր հովիւ Արժ․ Տ․ Վազգէն Քհնյ․ Քէօշկէրեանի, Լաթաքիոյ Ս․Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի ատենապետ Աւետիս Կարպուշեանի, Թարթուսի Թաղական Խորհուրդի ատենապետ Տրդատ Քէշիշեանի եւ մնացեալ անդամներուն կողմէ։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր անդրանիկ այցելութեան առիթով, վաղը՝ Ուրբաթ, 15 Նոյեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ս․ Պատարագ պիտի մատուցուի։

Յընթացս Ս. Պատարագին, սրբազան հայրը օրուան խորհուրդը պիտի ներկայացնէ Թարթուսի հայութեան, որմէ ետք ժողովրդային հանդիպում տեղի պիտի ունենայ։

Յիշենք, որ հանդիսապետութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Լաթաքիոյ Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, գալիք օրերուն արարողութիւններ եւ տօնախմբութիւններ պիտի կատարուին։