Երիկամները փոքրիկ գործարաններ են, որոնք կը գտնուին ողնաշարին աջ եւ ձախ կողմերը, մէջքին տակ:
Երիկամը մեծ դեր կը խաղայ օրկանիզմի ընդհանուր առողջութեան վրայ, մաքրելով օրկանիզմը եւ դուրս բերելով թունաւոր նիւթերը:
Երիկամի պարտականութիւնն է արտադրել հեղուկ մը, որ կը կոչուի մէզ: Առողջ անձի մը երիկամունքը օրական կ’արտադրէ 600-էն 2500 սմ. խորանարդ մէզ:
Մէզին քանակը կախեալ է անձի մը խմած հեղուկներու քանակէն, ուտեստեղէնի տեսակէն, ինչպէս նաեւ օդի ջերմութեան աստիճանէն: Այսինքն՝ մէզին քանակը ամառը կը պակսի, որովհետեւ մարմինը մէզի միջոցով արտաքսելի հեղուկին մէկ մասը քրտինքին միջոցաւ մարմինէն դուրս կ’արտաքսէ:
Երբ երիկամները հիւանդ են, այն վնասակար տարրերը, որոնք մէզին միջոցով դուրս պէտք է արտաքսուին մարմինէն, կը մնան արեան մէջ եւ կը թունաւորեն ենթական: Վնասակար տարրերուն գլխաւորը միզուտն է uree-ն: Գոյութիւն ունին նաեւ ուրիշ տարրեր, որոնց քանակի բարձրացումը արեան մէջ այլ տեսակի ախտանշաններու պատճառ կը դառնայ:
Երիկամի խանգարման առաջին ախտանշաններն են՝
-Յոգնածութիւն եւ ուժասպառութիւն
-Մէզի գոյնի փոփոխութիւն կամ անոր մէջ արեան առկայութիւն
-Քունի խանգարում
-Սրտխառնուք
-Ստամոքսի խանգարում
-Ախորժակի կորուստ եւ բերնին մէջ մետաղի համի զգացողութիւն
-Ուռած ոտքեր եւ ոտնաթաթեր
-Մէջքի զօրաւոր ցաւ
-Շնչահեղձութիւն:
Երիկամը կը կարգաւորէ ջուրին մակարդակը, պատասխանատու է մէզի քիմիական բաղադրութեան՝ կ’արձագանգէ օրկանիզմի ջուրի մակարդակի խանգարումին: Այսինքն՝ երբ ջուրին բնական քանակը կը նուազի, երիկամը եղած ջուրը կը պահէ օրկանիզմին մէջ:
Երիկամը արեան ճնշումն ալ կը կարգաւորէ: Երիկամները մշտապէս ճնշումի կարիք ունին արիւնը զտելու համար: Երբ ճնշումը շատ կը նուազի, երիկամը յաւելեալ ճնշում կը ստեղծէ եւ կը կարգաւորէ թթուայնութիւնը: Այսպիսով երիկամները կը պահեն քիմիական նիւթերուն առողջ հաւասարակշռութիւնը:
Սնունդը պէտք է ըլլայ թեթեւ եւ նուազ սպիտակուցով:
Բրինձը, գետնախնձորը, կաթը, կանաչ կամ չոր բանջարեղէնը եւ պտուղները յանձնարարելի են: Սնունդը պէտք է ըլլայ առանց աղի, որովհետեւ արեան մէջ, երիկամային անբաւարարութեան պատճառով, յաճախ աղի բարձրացում տեղի կ’ունենայ:
Բժիշկը պէտք է ճշդէ երիկամի հիւանդութեան տեսակը եւ անոր համեմատ յանձնարարէ համապատասխան դարմանումը եւ պատշաճ սննդառութիւնը:
Հիւանդը պարտաւոր է հետեւիլ բժիշկի թելադրանքներուն՝ խուսափելու համար ծանր բարդութիւններէ:
Գոյութիւն ունին նաեւ ժողովրդական միջոցներ, դեղաբոյսեր, որոնք կ’օգնեն հիւանդութան դէմ պայքարելու համար:
Անոնք են.
-Լոգանքը: Լոգանքը կ’օգնէ, որ յաւելեալ ջուրը հեռանայ մարմինէն եւ երիկամին վրայ ճնշումը նուազի:
– Մեղրը: Մէկ գաւաթ թանձր մեղրը խառնել 2 ճաշի դգալ մանրուած ազատգեղին եւ օրական մէկ կամ երկու դգալ օգտագործել:
-Մէջքին աջ եւ ձախ կողմերը լաւ մը շփել մօտաւորապէս 5 վայրկեան եւ մէջքը տաք պահել մինչեւ առաւօտ:
-Օգտագործել երիցուկի թէյը:Մէկ գաւաթ եռացած ջուրին մէջ մէկ դգալ թէյ դնել եւ 5 վայրկեան սպասել, ապա սուզել ու խմել:Այսպիսով կարելի է բուժել երիկամի միզապարկային հիւանդութիւնները:
Հոգ տարէք ձեր երիկամներուն հետեւելով վերեւ յիշուած թելադրանքներուն: