Այս օրերուն, նոր վիշապ մը յարձակած է երիտասարդներու մտքին վրայ, տիրած է անոր եւ արգիլած որեւէ այլ զբաղում, ժամանց, կամ օգտակար խաղ։
Այս վիշապին անունը բջիջային հեռաձայն է։
Բջիջայինի օգտագործման մոլութիւնը վարակիչ հիւանդութեան մը պէս կը տարածուի քսանմէկերորդ դարուն։
Այս մոլութեան պատճառով փոքրիկին ուղեղը կը գոցուի. բջիջայինը գործածած պահուն ան չի զգար շուրջիններուն ներկայութիւնը եւ կը մոռնայ ապրուստի իր կենսական կարիքները։ Օրինակ, մօտաւորապէս չորս ժամ բջիջային օգտագործելէ ետք, ան չի զգար որ անօթեցած, ծարաւցած կամ անքուն է։ Ան պարզապէս կ’անջատուի զինք շրջապատող աշխարհէն։
Բջիջայինի մոլութիւնը կ’ազդէ փոքրիկին առողջութեան վրայ։ Ան կրնայ ունենալ ծանր գլխացաւ, որովհետեւ բջիջայինի արձակած ճառագայթէն կը վնասուի, կը վտանգուի նաեւ իր ընկերային կեանքը, քանի որ փոքրիկը կ’անջատուի իր ընկերներէն եւ ետ կը մնայ իր դասերէն, ուսումէն ու դպրոցէն։
Բջիջայինի մոլութենէն ձերբազատիլը անհրաժեշտ է, որպէսզի ենթական կամաց-կամաց իր անկախութեան տիրանայ։
Եթէ որեւէ մէկը այս մոլութենէն կը տառապի, պէտք է օգտագործէ յատուկ ծրագիրներ, որոնք կը կղպեն բջիջայինը, որոշ ժամանակ մը զայն գործածելէ ետք։ Այսպիսով կարելի է սահմանափակել բջիջայինի գործածութիւնը եւ կամաց-կամաց ձերբազատիլ անկէ։
Աբրահամ Աւընեան
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան Ժ. կարգ