«Երկիր».- ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան «Վերնատուն» հասարակական–քաղաքական ակումբի կազմակերպած խորհրդաժողովին յայտնեց, որ Արցախը արդէն ըսած է, թէ ինչպէս պէտք է արցախեան հարցը լուծել եւ հարկաւոր չէ նոր բաներ երեւան բերել.
«Ղարաբաղի ժողովուրդը իր Սահմանադրութեան 175-րդ յօդուածով յստակօրէն սահմանած է, թէ ինչպէս կը պատկերացնէ Ղարաբաղեան հարցի կարգաւորումը. սթաթուս քուոն պէտք է պահպանուի այնքան ատեն, որ տակաւին չէ ճանչցուած Արցախի Հանրապետութիւնը եւ չի վերականգնիր անոր տարածքային ամբողջականութիւնը ու չեն ճշդուած սահմանները: Արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք է ասոր հետեւի: Այնպէս տպաւորուած եմ, որ երկիրը ոչ թէ ծրագիրներով կը զարգանայ, այլ մէկ մարդու քմահաճոյքով: Սա երկար չի կրնար տեւել: Ահազանգը պէտք է հնչեցուի: Սա, հո՜յ, իրենց հօր պարտէզը չէ, այլ բոլոր սերունդներուն նուաճած հայրենիքը: Մուրէն ելանք, մրջուր ինկանք»:
Ըստ Ռուստամեանի, նոր իշխանութիւնը ինքնասիրահարուած է. եթէ ըսես` Ղարաբաղի հարցով գործընթացը մտած է փակուղի, կ’ըսեն` երբեք նման վիճակ չէ եղած, որ Ղարաբաղի հարցով նման մեծ ձեռքբերումներ եւ յաջողութիւններ գրանցուած ըլլան, ըսես` ազգը պառակտուած է, կ’ըսեն` երբեք ազգը այսքան միասնական չէ եղած, ըսես` անօրինականութիւններ կատարուած են եւ դատական համակարգը ձեռքէ գացեր է , կ’ըսեն` ինչպէ՞ս, մեր ժամանակներուն նման ժողովրդավարութիւն երբեք եղա՞ծ է, մենք ժողովուրդին իշխանութիւնն ենք, ժողովուրդը մեզի տուած է հովանաւորութիւն եւ երբեք այսպիսի ծանրակշիռ հովանաւորութիւն ունեցող իշխանութիւն չէ եղած: Սակայն, ըստ դաշնակցական գործիչին, երկխօսութեան կարելիութիւն անգամ Չի ստեղծուիր:
Ռուստամեան դիտել տուաւ, որ երբ որեւէ մէկը փորձէ իշխանութիւններուն ըսել, որ լուրջ հարցեր կան, բովանդակութիւնը մէկդի դրած` ըսողը կը սկսին քննադատել, կ՛ըսեն` սեւ ես, հակայեղափոխական ես:
Ան համեմատական կատարեց ներկայ եւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի իշխանութիւններուն միջեւ: 2018-ի շարժումը որպէս մեր ժողովուրդին ամենամեծ ձեռքբերումը համարելով Ռուստամեան յայտնեց, որ ժողովուրդը հասկցաւ, որ ոտքի կանգնելով կրնայ իշխանութիւն փոխել եւ իր կամքը պարտադրել եւ կարելի չէ առիթը կորսնցնել:
«Մենք տեսած ենք, թէ ինչպէս 1991-ին եկած է Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը` 83 տոկոսով, եւ այնքան ոգեւորուած է, որ իր թիւ մէկ հարցը համարած է այն, որ իրեն համար պատմական ձախողութիւն կ’ըլլայ, եթէ յաջորդ ընտրութիւններուն չյաղթէ»: Ան ամէն ինչ ըրաւ, որ ստեղծէ իշխանութեան վերարտադրման համակարգ: Վախնամ` նոյն բանը հիմա ալ ըլլայ: Անոնց հարցն ալ նոյնն է, որ յանկարծ խայտառակ չըլլան պատմութեան առջեւ, որովհետեւ իրենք զիրենք կը համարեն մեսիաներ, կատարած են բան մը, որուն համար տիեզերքը պէտք է գայ` իրենցմէ օրինակ վերցնէ: Իշխանութիւնները ժողովուրդով եկած են, ժողովուրդով ալ պէտք է երթան», եզրափակեց Արմէն Ռուստամեան:
Աւելցնենք, որ «Վերնատուն» հասարակական–քաղաքական ակումբը կազմակերպած է խորհրդաժողով` հանրային–քաղաքական արդիական նիւթերով: