Երկուշաբթի,18 Նոյեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդը, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի եւ Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Թաղականութեան, այցելեց Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Առաջնորդին՝ Մար Մորիս Ամսիհին։
Հանդիպումին ներկայ էին ասորի ուղղափառ եկեղեցիներու քահանայ հայրերը եւ թաղականութեան կազմերը։
Հիւրընկալ հոգեւոր Առաջնորդը նախ բարի գալուստի խօսք ուղղեց հոգեշնորհ հայր սուրբին եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան, ապա լուսարձակի տակ առաւ վերջին իրադարձութիւնները եւ եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Հոգեշնորհ հայր սուրբը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ իր խօսքին մէջ շեշտեց համագործակցութեան կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը՝ դիմագրաւելու բոլոր դժուարութիւններն ու սպառնացող վտանգը։ Այնուհետեւ հոգեշնորհ հայր սուրբը խորհրդաւոր յուշանուէր մը նուիրեց Սրբազան Առաջնորդին։