Երեքշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2019-ին, Լիբանանի մէջ ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ Պէյրութի եւ լիբանանեան այլ քաղաքներու մէջ ցոյցերը եւ բողոքները կը շարունակուին, իսկ դրամատուները կը բանան իրենց դռները ժողովուրդին դիմաց։ Առաւօտեան, տասնեակ ցուցարարներ խորհրդարանի շէնքին առջեւ համախմբուելով փորձած են խորհրդարան տանող ճամբան փակել, նկատի առնելով, որ առաւօտեան ժամը 11։00-ի շուրջ խորհրդարանը պիտի գումարէր իր օրէնսդրական նիստը` ընտրելու համար խորհրդարանի երկու ընդհանուր քարտուղարները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական յանձնախումբերու անդամները: