Կիրակի, 17 Նոյեմբեր 2019-ի կէսօրին, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը այցելեց ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս տիար Արմէն Սարգիսեանին, Հիւպատոսութեան շէնքէն ներս։ Պրն. հիւպատոսը, ծանօթանալով Համազգայինի գործունէութեան եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, կարեւոր համարեց մշակոյթի դերը հայապահպանման մէջ, յատկապէս ներկայ ընկերային ու քաղաքական վերիվայրումներուն ընդառաջ։ Շրջ. Վարչութեան անդամները, իրենց կարգին, յուսացին, որ յառաջիկային կարելի կ՚ըլլայ նուաճել համագործակցութեան նոր մակարդակներ։ Մտերմիկ այս հանդիպման ներկայ էր նաեւ ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբի պետ գնդապետ Արկատի Տօնոյեան։