ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անդամ Իշխան Սաղաթէլեան Aysor.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին  անդրադառնալով նախօրէին Արայիկ Յարութիւնեանի եւ ԵՊՀ դասախօսական կազմի հանդիպումին, ուր նախարարը թոյլ չէր տուած կարծիք յայտնել դասախօս Ռիթա Սաղաթէլեանին, որ Իշխան Սաղաթէլեանի հօրաքոյրն է յայտնեց, որ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնակրթական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան չհասկցաւ ընտանեկան, անձնական, կուսակցական ու քաղաքական յարաբերութիւններու տարբերութիւնը:

«Այս ամբողջ ընթացքին հարցի բովանդակութեան անդրադառնալու փոխարէն փորձեց անձնաւորել, կուսակցականացնել, պիտակաւորել պայքարը, եւ պետական համալսարանի  մասնագէտի պարզ հարցումէն իսկ ջղայնացաւ եւ հարցը տեղափոխեց բոլորովին այլ հարթութիւն: Հօրաքոյրս կուսակցական չէ, ԵՊՀ-ի մասնագէտ է, ու ակներեւ է  իր քաղաքացիական դիրքորոշումով, երբ 2018 թուականի գարնան՝ միացած էր իր ուսանողներուն», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Դասախօսներու հետ հանդիպումին, յիշեցնենք, նախարարը ըսած էր, թէ փտածութեան գործընթացը բացայայտելը բաւական բարդ գործընթաց է, եւ դիմելով ԵՊՀ մասնագէս Ռիթա Սաղաթէլեանին, ըսած էր. «Բայց Ձեր եղբօր տղուն կուսակցութիւնը անպայման կը ստանայ այդ արկղերով քրէական գործերը: Հիմա մենք հարցում ուղղած ենք, կը ստանայ նաեւ պատասխանները»:

Երբ դասախօսը փորձած էր հակադարձել Արայիկ Յարութիւնեանին, վերջինս արձագանգած էր. «Բարի եղէք, լսեցէ՛ք մինչեւ վերջ, եթէ նոյնիսկ  Ձեզի փափաքելի չի թուիր եւ Ձեր քաղաքական խումբի ականջներուն հաճելի չէ»:

Իշխան Սաղաթէլեանի խօսքին համաձայն, դժբախտաբար, այս իշխանութիւնները վարժուած չեն քննադատութեան.

« «Նոր Հայաստանի մէջ» զիրենք քննադատողներուն հետ կը խօսին սպառնալիքով, կը փորձեն վախցնելու միջոցով լռեցնել, բայց չեն հասկնար, որ գործ ունին Դաշնակցութեան հետ: Մեզ նման ձեւերով չեն կրնար սպառնալ ու ստիպել, որ հրաժարինք մեր կեցուածքէն: Հերթականօրէն հարցէն շեղելու քայլ է, որ յաջողութիւն չ’ունենար: Ես չեմ բացառեր, որ իրենք կը փորձեն ինչ-որ բաներ սարքել, կարել, վեր հանել ու վերագրել ուրիշներու, բայց եթէ այդ սխալը ընեն, ընդհանրապէս այդ ամէն ինչի տակ կը մնան»:

Երբ հարց տրուեցաւ, թէ կարելի՞ է, որ այս կերպ փորձով լռեցնել նախարարի հրաժարականը պահանջող բողոքի մասնակիցները, Իշխան Սաղաթէլեան պատասխանեց.

«Դաշնակցութեանը փորձած են լռեցնել կայսրութիւններ, միապետութիւններ, 130 տարի փորձած են ինչ-որ բան ընել, ու այդ հարթակի վրայ, խնդրեմ, պատկերացուցէք, թէ ով է Արայիկ Յարութիւնեանը կամ մնացածը, որ կը փորձեն ինչ-որ բան ընել: Մեր պայքարը անձնական չէ, մեր երիտասարդները կը պայքարին կրթութեան, գիտութեան ու մշակոյթի ոլորտէն ներս տարուող ապազգային քաղաքականութեան դէմ: Այս ընթացքով երբեք որեւէ դաշնակցական չէ վիրաւորած նախարարը, որովհետեւ սա մեզի համար սկզբունք է»: