8 Նոյեմբերին տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ընթացքին Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնակրթութեան նախարար Ա. Յարութիւնեան յայտարարեց, որ կը պատրաստուի  այն արկղերը, որոնք ցոյցի ընթացքին տարուած էին նախարարութեան դիմաց, լեցնել տասնեակ եւ աւելի քրէական գործերով եւ ուղարկել բողոքի մասնակիցներուն, աւելցնելով, որ խնդրած է համապատասխան մարմիններուն տրամադրել գործերու ցանկերը, որոնցմով կը լեցուին դատարկ արկղերը:

Մենք 11 Նոյեմբերին նամակներ ուղարկեցինք ԿԳՄՍ Նախարարութիւն, ՀՀ ոստիկանութիւն, ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութիւն եւ ՀՀ Յատուկ քննչական ծառայութիւն` խնդրելով մեզ գրաւոր պատասխանել արդեօք ԿԳՄՍ նախարարը համապատասխան տուեալներ ստանալու խնդրանքով դիմած է վերոյիշեալ մարմիններուն, թէ` ոչ: Լրացել է օրէնքով սահմանուած ժամկէտը, որ նախատեսուած էր գրաւոր հարցումին պատասխան ստանալու համար: Մենք պատասխան  ստացած ենք միայն ՀՀ Յատուկ քննչական ծառայութենէն եւ ՀՀ Գլխաւոր դատախազութենէն` առ այն, որ իրենք նման բովանդակութեամբ որեւէ հարցում չեն ստացած ԿԳՄՍ Նախարարութենէն:

Այս փաստը ԿԳՄՍ նախարարի կողմէն անպատասխանատու եւ խորքային հարցերը շերտաւորելու քաղաքականութեան  մէկ վկայութիւնն է:

ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւն