«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» Կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նիստին անդրադարձած է թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն, ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Պալատին կողմէն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունման եւ Ծերակոյտի մէջ այդ բանաձեւին դէմ դրուած վեթոյին:

Էրդողան, խօսելով թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ յառաջացած հարցերուն մասին, յայտնած է, որ անոնք արհեստականօրէն մեծցած են ԱՄն-ի հակաթրքական շրջանակներուն կողմէն:

Ան ընդգծած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու վատթարացման ուղղուած ջանքերու իրական բնոյթը ամէնէն լաւը կը նկատէ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը:  Ըստ Էրտողանի, իրենք փաստաթուղթերով ցոյց  տուած են, որ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունումը «կը հակասէ պատմական ճշմարտութիւններուն եւ անարդար է»:

«Մեր հանդիպումէն վերջ, ըսած է Էրտողան, բոլոր այն նախաձեռնութիւնները, որոնք կապուած են Ծերակոյտի մէջ հայկական պնդումներուն շուրջ քննարկումին, ինչպէս գիտէք, ձախողած են: Վեթօ դրուած է»: