«Թերթ».-Ամերիկացի քոնկրեսականներ Ֆրենք Փելոուն, Ճեքի Սփիր եւ Ատամ Շիֆ բաց նամակ  յղած են ԱՄՆ Պետքարտուղարութեան ու Փենթակոնին` կոչ ընելով վերանայիլ Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին յատկացուող ռազմական օգնութեան քաղաքականութեան:

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի հաղորդումով քոնկրեսականները կոչ ըրած են պահպանել հաւասարութիւնը Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին յատկացուող ռազմական օգնութեան հարցին մէջ:

«Անկասկած, Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական օգնութեան ծաւալի մեծացումը անհաւասարութիւն կը ստեղծէ տարածաշրջանին մէջ: Հաւասարութեան վերականգնումը միակ ճանապարհն է, որով ԱՄՆ-ն կրնայ վերադարձնել վստահութիւնը իրեն հանդէպ», ըսուած է բաց նամակին մէջ, որուն գործիչները կը յորդորեն ԱՄՆ կառավարութեան Հայաստանին յատկացուող ռազմական օգնութիւնը մեծցնել, որպէսզի երկիրը կարենայ օգտագործել այդ միջոցները ահաբեկչութեան դէմ պայքարին:

Հրապարակուած տուեալներուն համաձայն, ԱՄՆ Պաշտպանութեան Նախարարութեան ծրագիրով 2019-ին Ատրպէյճանին նախատեսած է 42.9 մլն տոլար յատկացնել, իսկ Հայաստանին` 2,8 մլն:

Աւելի ուշ յայտնի  դարձած էր, որ ԱՄՆ-ն  40 տոկոսով մեծցուցած է Հայաստանին յատկացուող տնտեսական օգնութեան ծաւալը, որ կազմած է 60 մլն տոլար: