ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան 20 Նոյեմբերին Ազատութեան ֆեյսպուքեան ասուլիսի հաղորդման ընթացքին նախ յայտնեց, թէ ինչ բանի կը վերաբերին այն 5 քրէական գործերը, որոնցմով ինքը կը մեղադրուի:

Մինասեան դիտել տուաւ.«Անոնք հիմնականօրէն կ’առնչուին իր` նախարար եղած տարիներուն, յատկապէս բնապահպանութեան նախարար եղած ժամանակ շարք մը թոյլտուութիւններուն, որոնք որպէս քաղաքականութիւն վարող պատասխանատու մարմնի ղեկավար ձեռնարկած է, մէկ այլ դրուագով անձի մը աշխատանքէ դադրեցնելն է, որ քրէական գործ կը համարուի: Երբ հարց տրուեցաւ, թէ կը բացառէ՞, որ իրեն ալ կրնայ մեղադրանք առաջադրուիլ, ան պատասխանեց. «Թէեւ ներկայիս մեր երկրին մէջ բան մը բացառել կարելի չէ, քանի որ օրէնքը ինչպէս որ ուզեն այնպէս կը մեկնաբանեն, այնուամենայնիւ համոզուած եմ, որ չկայ գործողութիւն մը, արարք մը, նաեւ չկայ այսօր մեր պետական իշխանութեան մէջ գտնուող որեւէ անձ, որ կրնայ զիս մեղադրել, ոչ թէ այն պատճառով, որ ես ամենակատարեալն եմ, այլ որովհետեւ գործունէութիւնս ամբողջովին հետապնդած է հանրային, պետական շահ»:
Մինասեանի համաձայն, ան միշտ օրէնքի տիրոյթին մէջ գործած է, իր գործողութիւններն ու որոշումներն ալ երկրին միայն օգուտ բերած են, ան եղած է պաշտօնեաներէն, որոնք գործած են խղճով եւ կրցած են հանգիստ քնանալ: