«Ուս­տի ամէն ինչ, որ կ’ու­զէք որ մար­դիկ ձե­զի ընեն, դուք ալ անոնց այդ­պէս ըրէք, քան­զի այս է օրէն­քը ու մար­գա­րէ­նե­րը»։ Մատթ7։12 
Հո­գե­բա­նա­կան լուրջ միտք մը կայ այս խօս­քին մէջ, որ ար­տա­սա-ն­ուած է Մատ­թէ­ոս աւե­տա­րա­նի­չին կող­մէ։ Ար­դա­րեւ, մեկ­նե­լով նման գա­ղա­փա­րէ, Հայ Աւետ. Բե­թէլ եկե­ղեց­ւոյ Զոյ­գե­րու Յանձ­նա­խում­բին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, Կի­րա­կի, 17 Նո­յեմ­բեր 2019-ին, Բե­թէլ եկե­ղեց­ւոյ «Շի­րաճ­եան» սրա­հէն ներս հո­գե­բա­նա­կան հար­ցե­րու խորհր­դա­տու տի­կին Լա­նա Պոյ­նար­եան-Մա­լաք­եա­նի ներ­կա­յա­ցու­մով «Զգա­ցա­կան Իմա­ցու­թիւն» խո­րա­գի­րով դա­սա­խօ­սու­թիւն-զրոյց մը տե­ղի ու­նե­ցաւ։
Դա­սա­խօ­սու­թիւնը սկ­սաւ տի­կին Սե­ւան Տէր Սա­հակ­եա­նի բա­րի գա­լուս­տի խօս­քով, ապա դա­սա­խօ­սին կենսագրականին ներ­կա­յա­ցու­մով, որ­մէ ետք Լա­նա Պոյ­նար­եան_ Մա­լաք­եան նիւ­թին մա­տու­ցու­մը սկ­սաւ ձե­ռա­յին աշխա­տան­քով մը: Այդ աշ­խա­տան­քին մէջ ներդր­ուե­ցաւ ե՛ւ միտք, ե՛ւ զգա­ցում։ Լայ­նա­ծա­ւալ բնոյթ ու­նե­ցող այս նիւ­թը դա­սա­խօ­սը մատ­չե­լի եւ բա­ժան­մուն­քա­յին դա­սա­ւո­րու­մով առա­ւել եւս հասկը­նա­լի եւ հե­տաքր­քրական դար­ձու­ցած էր ունկն­դի­րին հա­մար։ Աժ­մ­է­ա­կան օրի­նակ­նե­րով, մաս­նա­գի­տա­կան վեր­լու­ծում­նե­րով եւ զրու­ցա­յին մաշ­տա­պով դասախօսու­թիւնը հա­սաւ իր աւար­տին։
Այ­նու­հե­տեւ հա­մայն­քա­պետ Վեր. Յա­րու­թիւն Սե­լիմ­եան գնա­հա­տեց տի­կին Լա­նան իր շա­հե­կան դա­սա­խօ­սու­թեան համար, ապա յայտ­նեց, որ մենք ամէն օր դէմ առ դէմ կու գանք զգա­ցա­կան իմա­ցութ­եամբ հասկ­նա­լու, ըմբռ­նե­լու եւ կամ ար­տա­յայ­տե­լու շատ մը վի­ճակ­ներ, որոնք մեզ ընդ­հան­րա­պէս կ’առաջ­նոր­դեն դէ­պի ըն­կե­րա­յին իմա­ցու­թիւն։
Հուսկ, հա­մայն­քա­պետ վե­րա­պատ­ուե­լին աղօթ­քով փա­կեց դա­սա­խօ­սա­կան հա­ւա­քը։
Հու­րի­նա