Կիրակի, 17 Նոյեմբեր, 2019-ին, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեանի, առաւօտեան ժամը 9։00-ին տեղի ունեցաւ Կիրակնօրեայ վարժարանի առաջին հաւաքը, Արժանապատիւ Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի եւ կիրակնօրեայի վարչութեան գլխաւորութեամբ։

Ապա, աշակերտները ներկայ եղան Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Եւ Անմահ Պատարագին եւ ունկնդրեցին հայր սուրբին քարոզը։

Հայր սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու եզակի առաքելութեան, որն է նոր սերունդին ջամբել հոգեմտաւոր դաստիարակութիւն։ Ան յատկապէս ըսաւ. «Կիրակնօրեայ դպրոցը պարզ դպրոց մը չէ, այլ քրիստոսաբոյր եւ քրիստոսակեդրոն վայր մըն է, ուր կը յաճախեն գաղութիս զաւակները, որպէսզի աղօթեն եւ փառաբանեն մեր երկնաւոր Հայրը»։

Պատարագի աւարտին աշակերտները շարունակեցին իրենց Կիրակնօրեայի ծրագիրը։