Լիբանանի ժողովրդային բողոքի ալիքը ցարդ տեղատուութեան նշաններ ցոյց չի տար:
Բողոքի շարունակուող ցոյցերը կը վկայեն, որ կառավարութեան վերջերս յայտարարած բարեկարգումներու շարքն ալ ժողովուրդին վստահութիւնը շահելու եւ անոր զայրոյթը ներծծելու համար,– յատկապէս կառավարութեան տնտեսական եւ ընկերային քաղաքականութեան գծով,–բաւարար չէ համարուած:
Ըստ քաղաքական վերլուծաբաններու, իշխող վերնախաւին փտածութեան մակարդակը այնքան բարձր է, որ ժողովուրդը աւելի մեծ եւ վճռորոշ քայլեր կ’ակնկալէ երկրի տնտեսական եւ ընկերային կեանքը բարելաւելու համար:
Ժողովուրդին ընդվզումին պատճառը պարզապէս ազգային եկամուտին ոչ-արդար բաշխումը չէ, այլեւ ծառայողական ոլորտին վատ վիճակը, ջուրին ապականումը, փտածութեան սանձարձակ ընդլայնումը եւ այլն: Այդուհանդերձ, կը թուի որ ազգային եկամուտին արդար բաշխումով կառավարութիւնը մեծ ներդրում կրնար բերած ըլլալ երկրի տնտեսութեան: Տնտեսագէտներու համաձայն, այս փոքր երկիրը, համեմատած ԱՄՆ-ի եւ Նորվէկիոյ հետ, աւելի մեծ թիւով միլիառտէրեր ունի: Լիբանան արտաքին պարտքերու բեռին տակ կքած կը մնայ: Երկրի արտաքին պարտքերուն գումարը հասած է շուրջ 85 միլիառ տոլարի, ինչ որ ազգային եկամուտին 151 առ հարիւրը կը կազմէ, իսկ պարտքերու տոկոսադրոյթը՝ ազգային եկամուտին 40 առ հարիւրը:
Քաղաքական վերնախաւը փորձած էր խուսանաւում մը կատարել յաղթահարելու պարտքի ճգնաժամը՝ միջին եւ ստորին դասակարգերու եկամտային հարկերու բարձրացման միջոցով, ինչ որ զանգուածային բողոքներու նման ալիք բարձրացուց: Իրականութեան մէջ, հարցը ոչ այնքան հարկերու բարձրացումն էր, որքան անոնց անարդար բաշխումը, նկատի ունենալով որ լիբանանեան ընկերութիւններու եւ արտադրողներու համար սահմանուած հարկերուն համեմատութիւնը աւելի նուազ էր քան սովորական քաղաքացիին եկամուտին հարկը:
Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած վերջին բարեկարգումները, ըստ երեւոյթի, անբաւարար են երկրի տնտեսութիւնը վերականգնելու համար: Լիբանանին անհրաժեշտ է տարիներու վրայ երկարող եկամտային աճի տնտեսական յստակ քաղաքականութիւն, տնտեսութեան աշխուժացում՝ առաջքը առնելու պետութեան արտաքին պարտքերու գնաճին:
Լիբանանեան զարգացումներուն ազդեցութիւնը այդ երկրի սահմաններէն անդին անցնելով կը հասնի նաեւ Սուրիա:
Սուրիական պատերազմի տարիներուն, գաղթականներու բարձրացող ալիքը ողողած էր Լիբանան-Սուրիա սահմանը, գաղթականներ կ’ուղղուէին դէպի Լիբանան: Այս օրերուն, սակայն, անոնք կրկին կը վերադառնան Սուրիա: Շատ մը սուրիացիներ կը փութան վերադառնալ իրենց երկիրը, յառաջիկային,– ցամաքային ճամբաներու հաւանական փակումով,– այդ առիթը չունենալու մտավախութենէն մեկնած:
Սուրիա-Լիբանան ցամաքային փոխադրութեան դիմաց ցցուող ներկայ դժուարութիւնները կ’ազդեն Սուրիոյ եւ Լիբանանի տնտեսութեանց վրայ, որովհետեւ երկու երկիրներու միջեւ ապրանքափոխանակութեան գլխաւոր ելքը կը համարուի սահմանային միջանցքը: Լիբանանեան դրամանիշին կրած փոփոխութիւնները եւ դրամի փոխանակութեան արգելքները,– դրամատուներուն դիմագրաւած տագնապին բերումով,– կ’ազդեն նաեւ այն սուրիացիներու (վաճառականներ, ձեռնարկատէրեր) տնտեսական կարողութեանց վրայ, որոնք սուրիական պատերազմի օրերուն մեծագումար իրենց դրամագլուխները սուրիական դրամատուներէն փոխադրած էին լիբանանեան դրամատուներ՝ ապահովական նկատառումներով:
Լիբանան-Սուրիա քաղաքական եւ տնտեսական փոխազդեցութիւնները, սուրիացի գաղթականներուն վերադարձին ունենալիք դրական որոշակի ազդեցութիւնը Լիբանանի տնտեսութեան վրայ եւ երկու երկիրներուն դիմագրաւած քաղաքական ներքին թէ արտաքին մարտահրաւէրները անոնց յարաբերութիւններու բարելաւման անհրաժեշտութիւնը կ’ուրուագծեն:
Կը թուի, թէ արաբական աշխարհն ալ, իր կարգին, կը խրախուսէ նման մերձեցում, ինչ որ Սուրիա-Լիբանան տնտեսական դաշտի ապաքինման նոր խթան կրնայ հանդիսանալ:
«Գ.»