«Ազդակ».-Լիբանանի անկախութեան 76-ամեակին առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ իշխանութեան երեք պետերուն անունով ծաղկեպսակ մը զետեղեց անկախութեան կերտիչներէն` Փաղանգաւոր կուսակցութեան հիմնադիր Փիեռ Ժեմայէլի յուշարձանին, Պիքֆայա:
Ծաղկեպսակի զետեղման արարողութեան ներկայ էին նաեւ հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ, Պիքֆայայի եւ Մհայտսէի քաղաքապետ Նիքոլ Ժեմայէլ-Միսքի եւ Պհըրսաֆի քաղաքապետ Միշել Նասըր, գերապայծառ Փիեռ Նահրի եւ այլ անձնաւորութիւններ:
Այս առիթով երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ինք այսօր իր պարտականութիւնը կը կատարէ` աւելցնելով, որ ինք անձամբ փափաքած է Լիբանանի հանրապետութիւնը ներկայացնել Փիեռ Ժեմայէլի արձանին մօտ, որովհետեւ ան միայն անկախութեան կերտիչներէն չէ, այլ` Լիբանանի ակներեւ դէմքերէն մէկը:
«Կը մաղթեմ, որ Լիբանանի անկախութեան տօնը վերածուի խղճին վերադառնալու առիթի մը: Մեր միտքերուն մէջ անկախութիւնը միայն հայրենիքի անկախութեան չենք վերագրեր, այլ նաեւ ժողովուրդի անկախութեան, հոգիներուն ազատատենչութեան, միտքի ազատութեան, ինչպէս նաեւ ինքնուրոյն որոշումին: Կը փափաքինք, որ այս տարի ըլլայ վերջին տարին, որուն ընթացքին Անկախութեան տօնը տագնապներու կը զուգադիպի: Կը մաղթենք, որ Լիբանան յաջորդ անկախութեան տօնին ըլլայ իսկապէս ազատ, անկախ եւ գերիշխան երկիր», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Անդրադառնալով անկախութեան տօնին նախօրեակին նախկին նախարար Փիեռ Ժեմայէլի նահատակութեան տարելիցին` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Եղբօրս եւ բարեկամիս` Փիեռ Ժեմայէլի նահատակութիւնը արդիւնաւորուեցաւ. ան կը պատկանի Լիբանանի եւ Լիբանանի ազատութեան ու անկախութեան համար նահատակներ ունեցած ընտանիքի մը: Կը յուսամ, որ շէյխ Փիեռէն եւ անկէ առաջ ինկած նահատակներէն դասեր կը քաղենք, եւ կը մաղթեմ, որ Փիեռէն ետք ո՛չ Ժեմայէլ ընտանիքը եւ ո՛չ ալ լիբանանեան այլ ընտանիքներ նահատակ ունենան: Այս նահատակութիւնը պէտք է մեզի համար վերածուի ուսանելի օրինակի մը, որ Լիբանան բոլորիս երկիրն է: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով կ՛ըսեմ. «Բոլորս այսինքն բոլորս», այն իմաստով, որ բոլորս լիբանանցիներ ենք եւ բոլորս այս երկրին համար զոհաբերութեան պատրաստ ենք»:
Իր կարգին, Ամին Ժեմայէլ մաղթեց, որ ժողովուրդին կամքն ու հաւատքը յաղթանակէ` աւելցնելով, որ անիկա է անկախութեան իսկական ճամբան:
Ժեմայէլ յոյս յայտնեց, որ ժողովուրդին պահանջները լսելի դառնան եւ անոր ըմբոստութիւնը փրկէ Լիբանանը: